«Ազերպայճան յաւելեալ բնական կազ արտածելու կարելիութիւն չունի», կը պնդէ հայ մասնագէտը

Ազերպայճան-կազ

Հայաստանի մէջ ՄԱԿ-ի Զարգացման ծրագրի (UNDP) ուժանիւթի մասնագէտ Արա Մարջանեան յայտարարած է, թէ Ազերպայճան բնական կազի ազատ պաշարներ չունի, իսկ յառաջիկայ 15 տարիներուն նախատեսուած արտադրութիւնը արդէն իսկ վաճառուած է Եւրոպային։

Իր տեսակէտը հիմնաւորելու համար Մարջանեան իբրեւ օրինակ բերած է Վրաստանի պարագան։ Ըստ իրեն՝ Ազերպայճան Վրաստանի կը մատակարարէ «Ազերի-Չիրաղ-Գիւնեշլի» նաւթահանքին մէջ նաւթի արդիւնահանութեան ընթացքին գոյացող կազը։ Սկզբնապէս նախատեսուած էր զայն կրկին ներարկել հանքավայրին մէջ՝ նաւթի արտադրութիւնը կայուն պահելու համար։ Սակայն, ըստ մասնագէտին՝ ԱՄՆ-ու եւ արեւմտեան երկիրներու պահանջով այդ ծրագիրը չէ իրագործուած, եւ կազը ուղղուած է Վրաստան՝ Ռուսաստանէն անոր ուժանիւթային կախեալ դրութիւնը նուազեցնելու նպատակով։

Մարջանեան կը պնդէ, որ Ազերպայճան ի վիճակի չէ յաւելեալ 2,5 միլիառ խորանարդ մեթր բնական կազ մատակարարելու՝ նկատի ունենալով իր ներկայ պարտաւորութիւններն ու ազատ պաշարներու բացակայութիւնը։

Cet article vous a été utile ?

Par votre abonnement ou votre don, vous pouvez aider à ce que les articles de « Nor Haratch » restent accessibles gratuitement.

Derrière chaque article, il y a des journalistes et des rédacteurs qui doivent recevoir la juste rémunération de leur travail.

Voir nos offres d'abonnement

Soutenez NH