Էրտողան եւ Ալիեւ խօսած են Կովկասի խաղաղութեան եւ «Զանգեզուրի միջանցք»-ին մասին

Էրտո-Ալիեւ-0aff-0242-b2d4-08da7a99ddb5_cx0_cy10_cw0_w1023_r1_s

Թուրքիոյ եւ Ազեր­պայճա­նի նա­խագահ­նե­րը՝ Ռե­ճեփ Թա­յիփ Էր­տո­ղան եւ Իլ­համ Ալիեւ, Նո­յեմ­բեր 24-ին, Իգ­դի­րի հա­մալ­սա­րանի կազ­մա­կեր­պած «Մե­տաք­սի ճա­նապար­հի վե­րած­նունդը» խո­րագ­րով մի­ջազ­գա­յին հա­մաժո­ղովին յղած իրենց առան­ձին ու­ղերձնե­րով անդրա­դար­ձած են Կով­կա­սի խա­ղաղու­թեան եւ տա­րածաշրջա­նային հա­ղոր­դակցու­թեան ու­ղի­ներու զար­գացման։

Էր­տո­ղան յայ­տա­րարած է, թէ Թուրքիա եւ Ազեր­պայճան, որոնք միասին տօ­նած են «Ղա­րաբա­ղի մէջ իրենց յաղ­թա­նակը», նոյն վճռա­կանու­թեամբ պի­տի աշ­խա­տին Կով­կա­սի խա­ղաղու­թեան եւ բար­գա­ւաճ­ման հա­մար։ Ան շեշ­տած է, որ Շու­շիի հռչա­կագ­րով «Մէկ ազգ, եր­կու պե­տու­թիւն» սկզբունքը բարձրա­ցուած է դաշ­նակցա­յին յա­րաբե­րու­թիւննե­րու մա­կար­դա­կին, աւելցնե­լով, թէ Շու­շիի, Ֆի­զու­լիի եւ Լա­չինի մէջ ծա­ծանող ազեր­պայճա­նական դրօ­շը նաեւ Թուրքիոյ հպար­տութիւնն է։

Անդրա­դառ­նա­լով այսպէս կո­չուած «Զան­գե­զու­րի մի­ջանցք»-ին՝ Էր­տո­ղան յայտնած է, որ անոր բա­ցու­մը պի­տի ամ­րապնդէ Ազեր­պայճա­նի հիմ­նա­կան տա­րած­քին եւ Նա­խիջե­ւանի մի­ջեւ փո­խադ­րա­կան կա­պերը, ինչպէս նաեւ նոր կա­րելիու­թիւններ պի­տի ստեղ­ծէ Թուրքիոյ եւ թրքա­խօս աշ­խարհին յա­րաբե­րու­թիւննե­րուն զար­գացման հա­մար։

Իր կար­գին, Ալիեւ պնդած է, թէ Հա­րաւա­յին Կով­կա­սի մէջ կա­յուն խա­ղաղու­թեան հաս­տա­տու­մը տա­րածաշրջա­նը վե­րածած է մի­ջազ­գա­յին փո­խադ­րութեան եւ տնտե­սական գոր­ծակցու­թեան ռազ­մա­վարա­կան կեդ­րո­նի։ Անոր հա­մաձայն՝ «Զան­գե­զու­րի մի­ջանցք»-ը պի­տի ապա­հովէ Ազեր­պայճա­նի եւ Նա­խիջե­ւանի մի­ջեւ անար­գել հա­ղոր­դակցու­թիւնը, պի­տի ընդլայ­նէ Թուրքիոյ հետ ցա­մաքա­յին կա­պերը եւ նպաս­տէ Մի­ջին մի­ջանցքի զար­գացման ու պատ­մա­կան Մե­տաք­սի ճա­նապար­հի վե­րած­նունդին։

Յի­շեց­նենք, որ Երե­ւան կը մեր­ժէ «Զան­գե­զու­րի մի­ջանցք» անուանու­մը՝ պնդե­լով, որ Հա­յաս­տա­նի տա­րած­քով անցնող բո­լոր հա­ղոր­դակցու­թեան ու­ղի­ները պէտք է գոր­ծեն երկրին ինքնիշ­խա­նու­թեան եւ օրէնքնե­րուն լիակա­տար յար­գումով։ ■

Cet article vous a été utile ?

Par votre abonnement ou votre don, vous pouvez aider à ce que les articles de « Nor Haratch » restent accessibles gratuitement.

Derrière chaque article, il y a des journalistes et des rédacteurs qui doivent recevoir la juste rémunération de leur travail.

Voir nos offres d'abonnement

Soutenez NH