Ուքրաինական պատերազմին ծանր հաշուեկշիռը

Ուքրաինա

Ուքրաինայի մէջ արդէն չորրորդ տարին ըլլալով ընթացող պատերազմին հետեւանքով մահացած, վիրաւորուած կամ անհետացած ռուս եւ ուքրաինացի զինուորներուն թիւը այս գարնան կրնայ հասնիլ 2 միլիոնի։ Այս մասին նշուած է Ուաշինկթընի մէջ գործող Ռազմավարական եւ միջազգային հետազօտութիւններու կեդրոնին (CSIS) 2026 Յունուար 27-ին հրապարակած ուսումնասիրութեան մէջ։

Ըստ կեդրոնին՝ այս տարիներուն գրեթէ 1,2 միլիոն ռուս եւ շուրջ 600 հազար ուքրաինացի զինուորական զոհուած, վիրաւորուած կամ անհետացած է։ Այսինքն, այս առումով երկու երկիրներուն ընդհանուր հաշուեկշիռը կը կազմէ 1,8 միլիոն հոգի։

Ինչպէս կը տեղեկացնէ The New York Times-ը, պատերազմի ամբողջ ընթացքին զոհերուն եւ վիրաւորներուն թիւը դժուար եղած է պարզել, քանի որ Ռուսաստան մշտապէս իր զոհերուն եւ վիրաւորներուն աւելի փոքր թիւեր ներկայացուցած է, իսկ Ուքրաինա չի բացայայտեր պաշտօնական տուեալները։ Ուսումնասիրութիւնը հիմնուած է ԱՄՆ-ու եւ Մեծն Բրիտանիոյ կառավարութիւններու գնահատականներուն եւ այլ աղբիւրներու տուեալներուն վրայ։

Միեւնոյն ատեն, ըստ ուսումնասիրութեան, զոհերու յստակ թիւը կը շարունակէ աճիլ։ 2022 Փետրուարին Ռուսաստանի՝ Ուքրաինա լայնածաւալ ներխուժումէն ի վեր, ռուսական կողմէն զոհուած զինուորներուն թիւը մօտաւորապէս 325 հազար է։ «Երկրորդ համաշխարհային պատերազմէն ի վեր ոչ մէկ մեծ տէրութիւն զոհերու կամ մահուան պարագաներու այս թիւին մօտեցած է»,– նշուած է հետազօտութեան մէջ։

Միայն 2025-ին ռուսական կողմէն զոհ գացած կամ վիրաւորուած է շուրջ 415 հազար զինուոր, ամսական միջին հաշուով՝ 35 հազար։ Իսկ ուքրաինական կողմէ, ըստ հետազօտութեան, պատերազմի սկիզբէն ի վեր զմահացած զինուորներուն թիւը կազմած է 100 հազարէն 140 հազար։