ՁՄԵՌՆԱՅԻՆ ՈՂԻՄՊԻԱԿԱՆՆԵՐ – «Արցախ»-ը՝ կը դառնայ «Երաժշտութիւն՝ Արա Գէորգեանի»

Գեղասահք

Ազերպայճանի ներկայացուցած բողոքէն ետք, գեղասահքի հայաստանցի զոյգին՝ Քարինա Ակոբովայի եւ Նիքիթա Ռախմանինի՝ իրենց ելոյթին համար ընտրած երաժշտութեան «Արցախ» վերնագիրը ջնջուած է ողիմպիական ծրագրի ցանկէն եւ անուանուած է միայն «Երաժշտութիւն՝ Արա Գէորգեանի, կը հաղորդէ «Տը Կարտիըն»:

Վէճը հանրային դարձաւ Փետրուար 6-ին, երբ Ազերպայճանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէն յայտարարեց, որ բողոք ներկայացուցած է Ձմեռնային ողիմպիական խաղերու ընթացքին այդ ստեղծագործութեան օգտագործման դէմ։ Ազերպայճան առարկեց հայ գեղասահորդներու զոյգին կարճ ծրագրի համար նախատեսած երաժշտութեան դէմ՝ պնդելով, որ «Արցախ» եզրոյթը կը կրէ, իրենց բնորոշմամբ՝ «քաղաքական եւ անջատողական» իմաստ։ Բողոքը փոխանցուած է ողիմպիական իշխանութիւններուն՝ «Ողիմպիական կանոնադրութեան քաղաքական չէզոքութեան սկզբունքներ»-ուն մասին ազերպայճանական կողմին վկայակոչումով։

Ըստ «Տը Կարտիըն»-ի՝ Ազերպայճանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէն յայտարարած է, թէ անընդունելի է ողիմպիական հարթակը օգտագործել քաղաքական նպատակներով եւ շեշտած է քաղաքական չէզոքութեան պահպանման անհրաժեշտութիւնը։ «Ողիմպիական խաղերը խաղաղութեան, բարեկամութեան եւ ժողովուրդներու միջեւ փոխադարձ յարգանքի խորհրդանիշ են»,– ըսած է կոմիտէն։

Ինչպէս արդէն գրեցինք, գեղասահքը մարզիկներուն թոյլ կու տայ ելոյթ ունենալ իրենց ընտրած երաժշտութեամբ։ Ակոբովան եւ Ռախմանինը, որոնք անկախութենէն ի վեր Հայաստանի գեղասահքի առաջին զոյգն են, նախապէս յայտարարած էին, որ իրենց կարճ ծրագրին համար պիտի սահին «Արցախ» երաժշտութեան ներքոյ, որ հայ երգահան Արա Գէորգեանի ստեղծագործութիւնն է։

«Արցախ»-ը գործիքային ժողովրդական ստեղծագործութիւն է ժամանակակից հայ երգահան Արա Գէորգեանի 1999 թուականի «Անի» ալպոմէն։ Ստեղծագործութիւնը տարիներու ընթացքին օգտագործուած է տարբեր գեղասահորդներու երգացանկին մէջ, ներառեալ՝ ռուսահայ գեղասահորդուհի Ատելիա Պետրոսեանի եւ անոր զուգընկերոջ կողմէ՝ 2021-22 մրցաշրջանին։

Ակոբովան եւ Ռախմանինը պիտի մրցին զոյգերու կարճ ծրագրին մէջ՝ Փետրուար 15-ին, իսկ ազատ ոճի սահքը նախատեսուած է Փետրուար 16-ին։