ԵՐԵՒԱՆ – Ֆրանքեւհայկական տնտեսական կապերու նոր փուլ
Փոխըմբռնման յուշագիրի ստորագրութիւն եւ ներդրումային հեռանկարներ
Փոխվարչապետ Տիգրան Խաչատրեան Փետրուար 25-ին ընդունած է «Ֆրանսայի ձեռնարկութիւններու շարժում» (MEDEF) կազմակերպութեան Հարաւային Կովկասի երկիրներու խումբի նախագահ Կոթիէ Ռիքորի գլխաւորած պատուիրակութիւնը: Հանդիպումին ներկայ եղած է նաեւ Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյին:

Ողջունելով հիւրերը՝ փոխվարչապետը ընդգծած է Հայաստանի եւ Ֆրանսայի միջեւ տնտեսական համագործակցութեան շարունակական զարգացման կարեւորութիւնը՝ ընդգծելով, որ նման ներկայացուցչական պատուիրակութեան այցելութիւնը Հայաստան երկկողմանի գործարար կապերու ընդլայնման կարեւոր ցուցանիշ մըն է։ Այս ծիրէն ներս փոխվարչապետը անդրադարձած է երկու երկիրներու սեփական հատուածներու գործակցութեան կարեւորութեան՝ յատկապէս նոր որակի գործարար մշակոյթի, ներառեալ՝ ներդրումներու ներգրաւման զուգահեռ նոր գիտելիքներու, արհեստագիտութիւններու եւ կարողութիւններու ձեւաւորման տեսանկիւնէն։
Հանդիպումին՝ ֆրանսական սեփական ընկերութիւններու ներկայացուցիչները մանրամասն անդրադարձ կատարած են իրենց գործունէութեան հիմնական ուղղութիւններուն եւ պատրաստակամութիւն յայտնած՝ իրենց կուտակած փորձառութիւնն ու մասնագիտական ներուժը ի սպաս դնելու Հայաստանի մէջ տարբեր ձեւաչափերով ներդրումային ծրագրերու իրագործման։ Անդրադառնալով համագործակցութեան հաւանական ուղղութիւններուն՝ Տիգրան Խաչատրեան վստահեցուցած է, որ Կառավարութեան կողմէ հետեւողական ճիգեր կը գործադրուին երկու երկիրներու գործարար շրջանակներուն միջեւ կապերու ամրապնդման եւ հայաստանեան ներդրումային միջավայրը ֆրանսական ընկերութիւններուն համար աւելի գրաւիչ դարձնելու ուղղութեամբ։

Փոխըմբռնման յուշագիր
Փետրուար 26-ին, ստորագրուած է փոխըմբռնման յուշագիր մը «Էնթըրփրայզ Արմենիա»-ի եւ MEDEF International-ի միջեւ՝ Հայաստան–Ֆրանսա գործարար համագործակցութեան ամրապնդման նպատակով:
«Էնթըրփրայզ Արմենիա»-ի գլխաւոր գործադիր տնօրէն Գոհար Ապաճեան հանդիպում ունեցած է ֆրանսական գործարար պատուիրակութեան հետ, որ կը գլխաւորէր Կոթիէ Ռիքորը։

