«Զուարթնոց» օդակայանը երկու անուանակարգի մէջ մրցանակակիր
«Զուարթնոց» միջազգային օդակայանէն կը յայտնեն, որ օդակայանը արժանացած է «ASQ Customer Experience Awards» հեղինակաւոր մրցանակաբաշխութեան երկու անուանակարգերուն մէջ.
- Լաւագոյն օդակայանը Եւրոպայի մէջ (Best Airport in Europe)
- Ամէնէն նուիրեալ անձնակազմը (Most Dedicated Staff)
«ASQ Customer Experience Awards»-ը ճամբորդներու սպասարկման եւ փորձառութեան գնահատման ոլորտին մէջ համաշխարհային հեղինակաւոր մրցանակներէն մէկն է, որ կը շնորհուի «Airports Council International World» միջազգային կազմակերպութեան կողմէ։
Մրցանակակիրները կ՚որոշուին բացառապէս ճամբորդներու անկախ եւ անմիջական գնահատականներուն հիման վրայ՝ չափորոշուած հարցումներու միջոցով։
«“Զուարթնոց” միջազգային օդակայանը յաղթողներու խումբին մէջ է տարեկան 5-էն 15 միլիոն ճամբորդ սպասարկող օդակայաններու անուանակարգին մէջ, ուր ընդհանուր առմամբ գնահատուած է եւրոպական 39 օդակայան»,– կը նշուի յայտարարութեան մէջ։
