Հայաստանի արձագանգը Իրանի վրայ յարձակումներուն
Փետրուար 28-ին ԱՄՆ-ու եւ Իսրայէլի կողմէ Իրանի դէմ սկսած լայնածաւալ յարձակումներէն ետք, Հայաստանի քաղաքական ղեկավարութիւնը ցուցաբերած է բաւական զգուշաւոր կեցուածք։
Անվտանգութեան խորհուրդի արտակարգ նիստ
Յարձակումներէն աւելի քան 24 ժամ ետք, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հրաւիրած է Անվտանգութեան խորհուրդի նիստ։ Պաշտօնական յայտարարութեան համաձայն՝ նիստի մասնակիցները «խոր ափսոսանք յայտնած են ցաւալի զարգացումներուն համար, ցաւակցած են զոհերուն եւ շեշտած խաղաղութեան արագ հաստատման անհրաժեշտութիւնը»։ Փաշինեան նաեւ համապատասխան ցուցումներ տուած է բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն՝ Հայաստանի վրայ այս պատերազմի հաւանական հետեւանքներուն պատրաստ ըլլալու համար։
Արտաքին Գործոց նախարարութեան չէզոքութիւնը
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը խուսափած է ԱՄՆ-ու եւ Իսրայէլի ռազմական արշաւը ուղղակի քննադատելէ կամ դատապարտելէ։ Նախարարութենէն պարզապէս նշած են, որ կը շարունակեն «հետեւիլ Մերձաւոր Արեւելքի իրավիճակին»։
Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան, Գանատայի իր պաշտօնակիցին հետ հեռաձայնային զրոյցի ընթացքին, ընդգծած է «ներկայ իրավիճակը բանակցութիւններու եւ խաղաղ ճանապարհով հանգուցալուծելու կարեւորութիւնը»։
Կառավարութեան այս դանդաղ եւ զգուշաւոր արձագանգը արժանացած է որոշ ընդդիմադիր գործիչներու քննադատութեան, որոնք զայն կը համարեն ուշացած։ Միեւնոյն ժամանակ, Երեւանի մէջ՝ Իրանի դեսպանատան մօտակայքը, արձանագրուած են ցոյցեր, ուր ոստիկանութիւնը միջամտած է։
Նշենք, որ ցուցարարները մեծամասնութեամբ Հայաստան հաստատուած իրանցի գաղթականներն ու ուսանողներն են։
Անոնք հրապարակայնօրէն իրենց զօրակցութիւնը յայտնած են Փետրուար 28-ին ԱՄՆ-ու եւ Իսրայէլի կողմէ Իրանի դէմ շղթայազերծուած ռազմական գործողութիւններուն՝ զանոնք նկատելով որպէս գործող վարչակարգի տապալման լաւագոյն առիթ։ Ցուցարարները պահանջած են Իսլամական Հանրապետութեան եւ հոգեւորական դասի իշխանութեան անկումը, ինչպէս նաեւ աշխարհիկ ժողովրդավարութեան հաստատումը Իրանի մէջ։
Ցուցարարներէն շատեր կրած են Իրանի նախայեղափոխական՝ Առիւծով եւ Արեւով դրօշը, ինչպէս նաեւ վանկարկած են նախկին միապետութեան կամ Շահի որդիին՝ Ռեզա Փահլաւիին զօրակցութեան լոզունգներ:
