Մերձաւոր Արեւելքի տագնապը կը խորանայ

Իրան

Տարածաշրջանը նորագոյն ցնցումներու յորձանուտին մէջ

ԱՄՆ-ն ու Իսրայէլը կը շարունակեն լայնածաւալ ռազմական հարուածներ հասցնել Իրանի թիրախներուն։ ԱՄՆ-ու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած է, որ Իրանը պատժելու այս պատերազմական գործողութիւնները կրնան տեւել մօտ չորս շաբաթ եւ ան խոստացած է շարունակել հարուածները «ամբողջ ուժով»։ Զուգահեռաբար, Իսրայէլը ռմբակոծած է Լիբանանի մէջ գտնուող «Հըզպալլահ»-ի դիրքերը՝ ի պատասխան իսրայէլեան հիւսիսային շրջաններուն ուղղուած հրթիռային եւ անօդաչու սարքերով յարձակումներուն։ Մարտ 2-ի տուեալներով՝ իսրայէլեան հրթիռակոծումները արդէն պատճառած էին առնուազն 31 մեռեալ։ Լիբանանի որոշ շրջաններու բնակիչներ, որոնք իսրայէլական բանակէն զգուշացում ստացած են, կը տեղափոխուին դէպի անվտանգ վայրեր։ Երկրին մէջ փակուած են կրթական բոլոր հաստատութիւնները։

Թեհրան խստօրէն կը դատապարտէ Իրանը թիրախ առնող յարձակումները։ Իրանի Անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդի քարտուղար Ալի Լարիճանին կտրականապէս հերքած է Ուաշինկթընի հետ որեւէ նոր բանակցութիւն սկսելու հաւանականութիւնը։ 

Իրավիճակը ստացած է աղէտալի համեմատութիւններ, երբ Իրան, իրագործելով իր սպառնալիքները, ամբողջութեամբ փակած է ռազմավարական կենսական նշանակութիւն ունեցող Հորմուզի նեղուցը՝ շնչահեղձ ընելով համաշխարհային նաւթի մատակարարման շուրջ քսան տոկոսի տարանցումը։ Կացութիւնը ա՛լ աւելի կը սրի Թեհրանի որդեգրած նոր ռազմավարութեամբ. իրանեան ուժերը սկսած են անխնայ հարուածներ հասցնել Միացեալ Նահանգներուն նեցուկ արաբական դրացի երկիրներուն, ի մասնաւորի՝ Սաուտական Արաբիոյ քարիւղի հսկայական պահեստանոցներուն ու ենթակառոյցներուն։ Այս աննախադէպ ու կործանարար զարգացումներուն համադրումը կը սպառնայ ամբողջութեամբ կաթուածահար ընել միջազգային տնտեսութիւնը՝ յատկապէս Եւրոպան կանգնեցնելով մօտալուտ, անկանխատեսելի ու չափազանց ծանր ուժանիւթային սարսափելի տագնապի մը սեմին։

Միաժամանակ, Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչին խստօրէն զգուշացուցած է արաբական դրացի երկիրները՝ թոյլ չտալ ԱՄՆ-ին եւ Իսրայէլին օգտագործել իրենց օդային կամ ցամաքային տարածքները Իրանի դէմ յարձակումներ գործելու համար։

Տարածաշրջանային անվտանգութեան փլուզման վտանգին պատճառով, Մերձաւոր Արեւելքի բազմաթիւ երկիրներ՝ ներառեալ Իսրայէլը, Քաթարը, Սուրիան, Իրանը, Իրաքը, Քուէյթը, Պահրէյնը եւ ԱՄԷ-ն, փակած են իրենց օդային տարածքները։ Սա յանգեցուցած է տասնեակ հազարաւոր ճամբորդներու արգելափակման օդակայաններու մէջ, իսկ մեծ ընկերութիւններ (ինչպէս Emirates-ը եւ Qatar Airways-ը) դադրեցուցած են իրենց թռիչքները։ Եւրոպական Միութիւնը կոչ կ՚ընէ ծայրայեղ զսպուածութեան, մինչ Ռուսաստանը կը պահանջէ անյապաղ դադրեցնել հարուածները։ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդը նիստ հրաւիրած է՝ Ֆրանսայի պահանջով։

***

Վարչապետ Փաշինեան ցաւակցական հեռագիր յղած է Իրանի նախագահին այս զարգացումներուն եւ ողբերգական մարդկային կորուստներուն համար։ Ասոր զուգահեռ, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը, իրանցի իր պաշտօնակիցին հետ հեռաձայնային զրոյցի ընթացքին, հաստատած է Երեւանի պատրաստակամութիւնը՝ որեւէ անհրաժեշտ մարդասիրական աջակցութիւն ցուցաբերելու Իրանի ժողովուրդին, եւ յոյս յայտնած է, որ այս տագնապը կարելի կ՚ըլլայ հանգուցալուծել դիւանագիտական ճանապարհով։

***

Ըստ իսրայէլեան աղբիւրներու՝ Իսրայէլի ռազմաօդային ուժերը հարուածած են Իրանի ներկայի գերագոյն առաջնորդ,– Խամանէիի սպանութենէն ետք՝ անցումային շրջանին զայն փոխարինող,– Ալի Ռեզա Արաֆիի տունը։ Անոր ճակատագիրը տակաւին կը մնայ անյայտ, կը հաղորդէ Իսրայէլի 9-րդ ալիքը։

***

Իրանական Կարմիր մահիկի ընկերութիւնը Մարտ 2-ին յայտարարած է, որ ԱՄՆ-ու եւ Իսրայէլի կողմէ Իրանի դէմ գործուած յարձակումները երկրին մէջ ցայսօր խլած են առնուազն 555 մարդկային կեանք։ Այս մասին կը հաղորդէ «Associated Press» լրատուական գործակալութիւնը։

Կարմիր մահիկին համաձայն՝ այս պատերազմի ընթացքին արդէն իսկ յարձակումի ենթարկուած է 131 շրջան։ Ընկերութիւնը կը հաստատէ, որ իրենց մարդասիրական առաքելութիւնը կը շարունակուի անխափան։ Միեւնոյն ժամանակ, մօտ չորս միլիոն կամաւորներէ բաղկացած ցանց մը պատրաստակամութիւն յայտնած է տուժածներուն տրամադրելու մարդասիրական ծառայութիւններ, անմիջական օգնութիւն եւ հոգեբանական աջակցութիւն։