Թրամփ՝ Խամենէիի սպանութեան մասին. «Ես զայն սպանեցի, նախքան՝ անոր զիս սպանելը»

Screenshot

Screenshot

ԱՄՆ-ու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած է, որ ԱՄՆ-ու կողմէ Իրանի մէջ իշխանութիւնը ստանձնելու համար նախատեսուած թեկնածուները զոհուած են ամերիկեան եւ իսրայէլեան հարուածներուն հետեւանքով։ Ան «ABC News»-ին յայտնած է. «Յարձակումը այնքան յաջող էր, որ թեկնածուներուն մեծ մասը ոչնչացուած է։ Յաջորդողը պիտի չըլլայ այն անձը, որուն մասին մենք կը մտածէինք, քանի որ անոնք բոլորը մահացած են։ Երկրորդ կամ երրորդ դիրքի թեկնածուներն ալ մահացած են»։

Թրամփ խօսելով յատկապէս Խամենէիի սպանութեան մասին՝ նշած է. «Ես զայն սպանեցի, նախքան՝ անոր զիս սպանելը։ Անոնք երկու անգամ փորձեցին։ Բայց ես զայն սպանեցի, իրմէ առաջ»։

ԱՄՆ-ու ղեկավարը Մարտ 1-ին ուղերձով մը ցաւակցութիւն յայտնած է Իրանի դէմ գործողութիւններուն ընթացքին երեք ամերիկացի զինուորներու զոհուելուն առիթով՝ զգուշացնելով նաեւ, որ ամերիկեան կողմի կորուստներուն թիւը հաւանաբար պիտի աւելնայ։ Յաջորդ օր արդէն աւելցած էր զոհ մը եւս։