Բաց նամակ հայրենակիցներուս

Արամ Սարգսեան

Հայաստանի նախկին վարչապետ ու երեսփոխան, «Հանրապետութիւն» կուսակցութեան հիմնադիր ու նախագահ Արամ Սարգսեան, որ ծանօթ է իր խիստ արեւմտամէտ դիրքորոշումով, Իրանի դէմ ամերիկա-իսրայէլեան յարձակումներու ենթախորքին հրապարակած է հետեւեալ բաց նամակը.

«ԱՄՆ-ու դերակատարութիւնը եւ մեր անվտանգութիւնը 

Իրանի այաթոլլահներուն համար ցաւող եւ ԱՄՆ-ն մեղադրող իմ հայրենակիցներուս կ՚ուզեմ յիշեցնել, որ ԱՄՆ-ն 44-օրեայ պատերազմի աւարտին կ՚առաջարկէր միջազգային խաղաղապահներու տեղակայում՝ յանձինս սկանտինաւեան երկիրներու։ ԱՄՆ-ն Եւլախի փոխարէն կ՚առաջարկէր Արցախ-Ազերպայճան բանակցութիւններ վարել Սոֆիայի մէջ։ 2022-ին ԱՄՆ-ն կասեցուց պատերազմը Ջերմուկի մատոյցներուն մէջ, իսկ 2023-ի աշնան թոյլ չտուաւ, որ Թուրքիան, Ազերպայճանն ու Ռուսաստանին ուժի կիրարկումով միջանցք բանան Սիւնիքի մէջ՝ յստակօրէն յայտարարելով, որ նման փորձի դէմ պիտի օգտագործէ իր ամբողջ գործիքակազմը։ ԱՄՆ-ու նախկին իշխանութիւնը՝ ռազմավարական գործընկերութեան, իսկ նոր իշխանութիւնը խաղաղութեան, Զանգեզուրի միջանցքի փոխարէն TRIPP-ի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան տնտեսութեան զարգացման համաձայնագրեր ստորագրեցին ու իրական գործընթացի սկիզբ դրին։

Իրանի կեցուածքն ու իրական վտանգները 

Իրանի մոլլայապետութեան համար հոգ ընող իմ սիրելի՛ քոյրեր ու եղբայրներ, կ՚ուզեմ հաստատել, որ անցեալ աշունէն ի վեր եւ այս գարնան, ի տարբերութիւն նախկին բոլոր աշուն-գարուններուն, մենք չենք խօսիր նոր պատերազմի մը վերսկսման մասին, եւ ասոր համար մեծապէս պէտք է շնորհակալ ըլլանք ԱՄՆ-ուն։ Կ՚ուզեմ նաեւ յիշեցնել, որ Իրանի իշխանութիւններն էին, որ կը շնորհաւորէին Ազերպայճանը՝ Արցախի մէջ տարած յաղթանակին առիթով, զայն ի սկզբանէ «իսլամական տարածք» անուանելով։ Անոնք Սիւնիքի մէջ կ՚առաջարկէին սեփական զօրքեր տեղակայել, որուն, ի միջի այլոց, կողմ էին ՀՀ ընդդիմադիր դաշտի որոշ ներկայացուցիչներ։ Բարեբախտաբար ՀՀ-ն այդ քայլին չդիմեց, այլապէս այսօր, միանշանակ, ռմբակոծութեան թիրախ պիտի դառնար։

Աշխարհաքաղաքական նոր հեռանկարներ 

Սիրելի՛ հայրենակիցներ, ԱՄՆ-ու եւ Իսրայէլի բարեկամ Իրան մը ունենալը շահեկան է ամբողջ տարածաշրջանին, իսկ ամէնէն շահեկանը՝ ՀՀ-ին համար։ Նախեւառաջ, ան կ՚ամրապնդէ ՀՀ-ի բարեկամ ԱՄՆ-ու ներկայութիւնը տարածաշրջանին մէջ՝ չէզոքացնելով որեւէ երրորդ երկրի կողմէ ՀՀ-ի դէմ պատերազմ սկսելու հաւանականութիւնը։ Երկրորդ, ԱՄՆ-ու բարեկամ Իրանի մը գոյութիւնը պիտի նուազեցնէ Ազերպայճանի եւ Թուրքիոյ դերը տարածաշրջանին մէջ՝ թէ՛ քաղաքական, թէ՛ ալ ուժանիւթային ու մատակարարման առումով։ Իրանի մէջ ժողովրդավարութեան հաստատումն ու Իսրայէլ-Թուրքիա սրուող հակադրութիւնը խոցելի վիճակի մէջ պիտի դնեն Թուրքիան եւ Ազերպայճանը՝ ամրապնդելով ՀՀ-ի դերակատարութիւնը եւ աւելի դիւրին դարձնելով մեր շփումները վերջիններուն հետ։ Երրորդ, Հնդկաստան-Իրան-Հայաստան-ԱՄՆ ռազմական դաշինքը կրնայ իրականութիւն դառնալ եւ հաւասարակշռել մեր տարածաշրջանը։

Պատմական առիթ եւ տնտեսական վերելք 

Իրանի իշխանութիւնները բարեկամ համարող իմ սիրելի՛ քոյրեր ու եղբայրներ, Իրանի հոգեւոր դասակարգն է, որ սկսած է այս պատերազմը 1979 թուականին՝ «Մահ Ամերիկային» կարգախօսով։ ՀՀ-ն չի կրնար կասեցնել այս պատերազմը կամ ազդել անոր ընթացքին վրայ, բայց կրնայ օգտուիլ Օգոստոս 8-ին ստորագրուած եռակողմ փաստաթուղթերէն՝ Թրամփի պաշտօնավարման յառաջիկայ երեք տարիները լիարժէք օգտագործելով եւ անշրջելի հիմք դնելով ԱՄՆ-Հայաստան երկկողմ փաստաթուղթին մէջ ստորագրուած երեք կէտերուն իրականացման։

ԱՄՆ-ու եւ միա՛յն ԱՄՆ-ու աջակցութեամբ Հայաստան կրնայ թռիչքային տնտեսական աճ արձանագրել եւ բազմապատկել իր պիւտճէն՝ Հարաւային Գորէայի ու Իսրայէլի օրինակով։ Յառաջիկայ տասը տարիներուն, ԱՄՆ-ու եւ Եւրոպական Միութեան աջակցութեամբ, ՀՀ-ն կրնայ հասնիլ շատ աւելիին, քան հասաւ Ազերպայճանը՝ 26 տարուան ընթացքին։ Մեր ձեռքն է եւ մեզմէ կախուած է յառաջադէմ արհեստագիտութեամբ զինուած, հզօր տնտեսութիւն ունեցող եւ հարուստ Հայաստան մը կերտելը։ Տեղի ունեցող զարգացումները կը հիմնաւորեն, որ ունինք պատմական կարելիութիւն, եւ պարտաւոր ենք ընելու կարելին ու անկարելին զայն իրականութիւն դարձնելու համար։ 

Եւ թող Աստուած օրհնէ Հայաստանը։

ԱՐԱՄ ՍԱՐԳՍԵԱՆ»