«Հայաստանի մէջ պէտք չէ ըլլան ձեր կուսակցութեան նման կուսակցութիւններ » 

Փաշ

ՓաշինեանԴաշնակցութիւնը «յանցաւոր» որակածէ

«Քանի տակաւին այդպիսի կուսակցութիւն կայ Հայաստանի մէջ, այդ հարցը պիտի ըլլայ, եւ մեր քաղաքական պատասխանատւութիւններէն մէկն այն է, որ ձերինին նման կուսակցութիւններ Հայաստանի մէջ չըլլան՝ որպէս յանցաւորութեան դէմ պայքարի ռազմավարութեան ոչ ամէնէն էական, բայց կարեւոր մէկ մասը»,– Մարտ 4-ին Ազգային ժողով-Կառավարութիւն հարցում-պատասխանի ընթացքին դաշնակցական երեսփոխան Լիլիթ Գալստեանի հարցումին ի պատասխան յայտարարած է վարչապետ Փաշինեան։

Նախապէս դաշնակցական երեսփոխանը վարչապետին հարցուցած է, թէ ի՞նչ կը կատարուի դպրոցներուն մէջ բռնութիւններն ու բանակին մէջ զինուորներու անձնասպանութեան դէպքերը կանխարգիլելու համար։

«Քանի տակաւին Հայաստանի մէջ կայ կուսակցութիւն, ուր զէնքի վրայ երդում ընելով մարդ կ՚ընդունին իրենց շարքերուն մէջ, եւ ուր սեփական անդամները գնդակահարելը սովորական երեւոյթ է… դուք գացէք ձեր կուսակցութեան հոգը լացէք, եկած էք դպրոցներուն հոգը կու լաք»,– դաշնակցական երեսփոխանին հակադարձած է վարչապետը։