Հրթիռակոծուած է Թեհրանի հայկական Մաճիտիէ թաղամասը. թիրախ դարձած է բնակելի շէնք մը

Մաճիտիէ

Մարտ 11-ին, ամերիկա-իսրայէլեան դաշինքի հարուածներուն թիրախ դարձած է Թեհրանի հին հայկական Մաճիտիէ թաղամասին մէջ գտնուող բնակելի շէնք մը։

Իրանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն՝ տուեալ պահուն բնակիչներէն՝ հաստատուած զոհեր չկան, սակայն անոնցմէ ոմանք յայտնուած են փլատակներու տակ։

Նշենք, որ Մաճիտիէն Թեհրանի հին հայկական թաղամասերէն մէկն է։ Ան ծանօթ է իր աշխուժ կեանքով եւ զարգացած ենթակառոյցներով, որոնց ստեղծման ու զարգացման մէջ զգալի դերակատարութիւն ունեցած է իրանահայութիւնը։