Նիկոլ Փաշինեանի եւ Էմանիւէլ Մաքրոնի հանդիպումը՝ Փարիզի մէջ

Փաշ-Մաքրոն հանդիպում

ՀՀ կառավարութեան լրատուական ծառայութիւնը կը հաղորդէ, թէ Փարիզի մէջ հանդիպում ունեցան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ու նախագահ Էմանիւէլ Մաքրոնը։

Երկու ղեկավարները քննարկեցին ֆրանքեւհայկական երկկողմանի յարաբերութիւններու օրակարգին վերաբերող հարցերու լայն շրջանակ մը։ Անոնք յատկապէս անդրադարձան քաղաքական երկխօսութեան խորացման, ինչպէս նաեւ տնտեսութեան եւ ենթակառոյցներու մարզերուն մէջ միացեալ ծրագրերու իրագործման։

Կողմերը միտքեր փոխանակեցին նաեւ տարածաշրջանային զարգացումներուն շուրջ՝ ընդգծելով տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան ամրապնդման միտող հետեւողական ջանքերը շարունակելու կարեւորութիւնը։

Ի վերջոյ, Նիկոլ Փաշինեան եւ Էմանիւէլ Մաքրոն խօսեցան Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն գործակցութեան հեռանկարներուն մասին՝ շեշտելով տարբեր բնագաւառներու մէջ այս գործընկերութեան խորացման եւ միացեալ նախաձեռնութիւնները արդիւնաւէտ կերպով յառաջ մղելու անհրաժեշտութիւնը։