Հայկական պատուիրակութիւն մը՝ Ազերպայճանի մէջ
Ապրիլ 10-12, «Խաղաղութեան կամուրջ» նախաձեռնութեան ծիրէն ներս կը կայանայ երկկողմանի կլոր սեղան մը՝ ազերպայճանական եւ հայկական քաղաքացիական հասարակութիւններու ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ։ Այս առիթով, հայկական պատուիրակութիւնը Ազերպայճան ժամանած է ցամաքային ճամբով՝ անցնելով պաշտօնապէս սահմանազատուած հատուածէն (Տաւուշի մարզ) եւ յարգելով սահմանային ու անցագրային ստուգման բոլոր ընթացակարգերը։


Հայ եւ ազերի ներկայացուցիչներուն միջեւ երկխօսութիւնը տեղի կ՚ունենայ խաղաղութեան երկկողմանի օրակարգին ծիրէն ներս, որ հաստատուած էր 2025 Օգոստոս 8-ին Ուաշինկթընի մէջ կայացած՝ Հայաստանի, Ազերպայճանի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ղեկավարներու եռակողմ վեհաժողովին ընթացքին։


Հանդիպման օրակարգը կ՚ընդգրկէ քննարկումներ՝ խաղաղութեան գործընթացի ներկայ վիճակին, «Խաղաղութեան կամուրջ» նախաձեռնութեան մասնակիցներուն կողմէ իրենց երկիրներուն մէջ իրականացուած աշխատանքներուն ու անոնց արդիւնքներուն, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային իրավիճակին շուրջ։
Յատուկ նիստեր պիտի յատկացուին հանրային շրջանակներէն ներս խաղաղութեան խթանման ուղղուած ջանքերուն, ինչպէս նաեւ խաղաղութեան գործընթացի շարունակութեան յառաջիկայ հանգրուաններուն նկատմամբ վստահութեան բարձրացման։
