Սամուէլ Կարապետեանի փաստաբանը կը մեղադրէ Եւրոպական Միութիւնը

Ռապըրթ Ամսթերտամ.png

Ըստ անոր՝ ԵՄ-ը կը միջամտէ Հայաստանի ընտրական գործընթացին

Ամերիկա-գանատացի փաստաբան Ռապըրթ Ամսթերտամ, որ կը ներկայացնէ Սամուէլ Կարապետեանը, նամակ մը յղած է Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տեր Լայէնին եւ այլ յանձնակատարներու՝ դատապարտելով Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան դերակատարութիւնը։

Ան կը մեղադրէ եւրոպական կառոյցը «ընտրական միջամտութեան» յանցանքով եւ խստօրէն կը քննադատէ Հայաստանի կառավարութեան 27 միլիոն եւրոյի յատկացումը՝ խառնաձեւ (հիպրիտային) արագ արձագանգման խումբի (HRRT) տեղակայման նպատակով։ Ըստ անոր՝ այս նախաձեռնութիւնը ժողովրդավարական աջակցութիւն չէ, այլ՝ «հայկական ներքին քաղաքականութեան մէջ ուղղակի միջամտութիւն»։

Փաստաբանը կը դատապարտէ Եւրոպական Միութեան կողմէ կիրարկուող «երկակի չափանիշերը»՝ մեղադրելով զայն «քաղաքական հալածանքներուն» եւ «ընդդիմութեան քրէականացման» վրայ աչք գոցելու յանցանքով, միեւնոյն ժամանակ նիւթապէս սատարելով վարչակարգի մը, որ«համակարգուած կերպով ոչնչացուցած է ազատ եւ արդար ընտրութիւններու համար անհրաժեշտ պայմանները»։

Եզրափակելով, Ամսթերտամ կը պահանջէ անյապաղ կասեցնել HRRT-ի գործունէութիւնը, կատարել յատկացուած գանձատրման անկախ գնահատում եւ հրապարակայնօրէն դատապարտել Հայաստանի Ընտրական օրէնսգիրքի վերջին բարեփոխումները։ Ան կը սպառնայ դատական գործ յարուցել եւրոպական ատեաններուն մէջ, եթէ իր պահանջքները չգոհացուին՝ պնդելով, որ Եւրոպական Միութիւնը հանդէս եկած պիտի ըլլայ որպէս «գործող կառավարութեան նպաստաւոր ընտրական միջավայրի ձեւաւորման աշխուժօրէն մասնակցած դերակատար»։