Առողջապահական համապարփակ ապահովագրութիւն
Առաջին 100 օրուան տուեալները
Հայաստանի Առողջապահութեան նախարարութիւնը հրապարակած է երկրին մէջ առողջապահական համապարփակ ապահովագրութեան դրութեան գործադրման առաջին հարիւր օրուան վիճակագրութիւնը։ Յունուար 1-էն ի վեր, աւելի քան 1,7 միլիոն քաղաքացի միացած է համակարգին, եւ այս թիւը կը շարունակէ աճիլ շաբաթէ-շաբաթ։
Ապահովագրական համակարգին միջոցով մատուցուած է շուրջ 614 հազար բժշկական ծառայութիւն, իսկ ծառայութիւններու համար դիմումներուն ընդհանուր թիւը հասած է մէկ միլիոնի։ Ընդհանուր առմամբ, կանխահաս ախտորոշման շնորհիւ երկրին մէջ հիւանդութիւններու յայտնաբերման մակարդակը կը բարձրանայ, մինչդ նուազած են սիրտ-անօթային հիւանդութիւններէ եւ շաքարախտէ մահացութեան դէպքերը։ Առաջին երեք ամիսներուն նոր դրութեամբ կատարուած է շուրջ 67 հազար վիրահատութիւն։
Առողջապահութեան նախարար Անահիտ Ավանէսեան յայտնած է, որ Առողջապահութեան նախարարութեան ենթակայ հաստատութիւններուն մէջ ընտանեկան բժիշկներուն, ընդհանուր բժիշկներուն եւ մանկաբոյժներուն աշխատավարձքերը բարձրացած են միջին հաշուով 20-էն 40 առ հարիւր, իսկ որոշ մասնագէտներու աշխատավարձքերը՝ կրկնապատկուած կամ եռապատկուած են։ Միաժամանակ, պետութիւնը ներդրումներ կը կատարէ բժշկական ենթակառոյցներու արդիականացման, ներառեալ՝ մարզային հիւանդանոցներու համար սարքաւորումներու գնման ուղղութեամբ։ Նախարարին համաձայն, առաջին եռամսեային ապահովագրական հիմնադրամին ծախսերը կազմած են շուրջ 40 միլիառ դրամ (105 միլիոն տոլար), ինչ որ կը համապատասխանէ պիւտճէական նպատակակէտերուն։
