Եւրոպական Միութիւնը երկրորդ առաքելութիւն մը պիտի գործուղէ Հայաստան

ՀՀ-ԵՄ

Պրիւսէլի մէջ Եւրոպական Միութեան (ԵՄ) դեսպանները հաւանութիւն տուած են Հայաստան նոր քաղաքացիական առաքելութիւն մը գործուղելու որոշումին, որուն վերջնական վաւերացումը կ՚ակնկալուի,– ըստ «Ազատութիւն» լրասփիւռին,– գալ շաբաթ՝ ԵՄ-ի Արտաքին գործոց նախարարներու նիստին։

Նոր առաքելութեան գլխաւոր նպատակն է ամրապնդել Հայաստանի դիմադրականութիւնը խառնաձեւ (հիպրիտային) սպառնալիքներու դէմ՝ ռազմավարական եւ գործնական խորհրդատւութիւն տրամադրելով պետական գերատեսչութիւններուն՝ համացանցային յարձակումներու, ապատեղեկատւութեան եւ ապօրինի ֆինանսական հոսքերու կանխարգիլման ուղղութեամբ։ Ըստ հիմնաւորող փաստաթուղթին, սա կը միտի նաեւ չէզոքացնել Ռուսաստանի ապակայունացնող քայլերը՝ յատկապէս ընդառաջ Յունիսին կայանալիք խորհրդարանական ու տեղական ընտրութիւններուն, ինչպէս նաեւ հաւանական սահմանադրական հանրաքուէին։

Միաժամանակ, ԵՄ-ը պիտի շարունակէ բանակցիլ Ազերպայճանի հետ՝ բացատրելու աջակցութեան նպատակը եւ խուսափելու խաղաղութեան գործընթացին վրայ հաւանական ժխտական ազդեցութենէն (նկատի ունենալով Պաքուի նախկին դժգոհութիւնները հայ-ազերպայճանական սահմանին եւրոպացի դէտերու տեղակայման նկատմամբ)։ Ուշագրաւ է, որ փաստաթուղթին մէջ կ՚ընդգծուի նաեւ Իրանի դէմ պատերազմէն բխելիք հաւանական վտանգները, որոնք կրնան հարուածել Հայաստանի հարաւային կենսական միջանցքը, ինչ որ կրնայ յանգեցնել երկրին՝ Ռուսաստանէն կախուածութեան շեշտադրման, յատկապէս տնտեսական եւ ուժանիւթային ոլորտներուն մէջ։

«Եւրոպական Միութեան գործընկերութեան առաքելութիւն» կոչուող այս նոր խումբը Հայաստանի մէջ պիտի տեղակայուի երկու տարուան պայմանաժամով եւ պիտի ունենայ 20-էն 30 միջազգային աշխատակից։ Ան բաց պիտի ըլլայ նաեւ երրորդ երկիրներու մասնակցութեան համար՝ պայմանաւ որ անոնք հոգան իրենց անձնակազմին ծախսերը։