Ալէն Սիմոնեան Պոլսոյ մէջ կ՚անդրադառնայ Պաքուի հայ գերիներու պարագային

Simonian

Աշխատան­քա­յին այ­ցե­լու­թեամբ Պո­լիս գտնուող Հայաստանի Ազ­գա­յին ժո­ղովի նա­խագահ Ալէն Սի­մոնեան ելոյթ ու­նե­ցած է Միջ­խորհրդա­րանա­կան միու­թեան (IPU) 152-րդ վե­հաժո­ղովին՝ ընդգծե­լով ապա­գայ սե­րունդնե­րուն հա­մար յոյ­սի, խա­ղաղու­թեան եւ ար­դա­րու­թեան ապա­հով­ման կեն­սա­կան կա­րեւո­րու­թիւնը։ Իր խօս­քին մէջ ան անդրա­դար­ձած է նաեւ մի­ջազ­գա­յին ճգնա­ժամե­րուն, մաս­նա­ւորա­պէս խոր մտա­հոգու­թիւն յայտնե­լով Իրա­նի եւ Լի­բանա­նի մէջ ստեղ­ծուած կա­ցու­թեան վե­րաբե­րեալ։

Խօսելով տա­րածաշրջա­նային զար­գա­ցումնե­րուն մասին՝ Սի­մոնեան նշած է, որ 2025 թուակա­նին Հա­յաս­տա­նի, Ազեր­պայճա­նի եւ Ամե­րիկա­յի Միացեալ Նա­հանգնե­րու ղե­կավար­նե­րուն մի­ջեւ ստո­րագ­րուած հա­մաձայ­նա­գրէն ետք Հա­րաւա­յին Կով­կա­սի մէջ խա­ղաղու­թիւն կը տի­րէ։ Այս ծի­րէն ներս ան Թուրքիոյ պաշ­տօ­նական կոչ ուղղած է դառ­նա­լու գոր­ծընկեր եւ միանա­լու տա­րածաշրջա­նային խա­ղաղու­թեան կերտման գոր­ծընթա­ցին։ Ըստ Սիմոնեանի՝ Հա­յաս­տա­նի եւ Ազեր­պայճա­նի մի­ջեւ վստա­հու­թեան նոր փուլ սկսած է, որուն շօ­շափե­լի ար­դիւնքնե­րէն է եր­կու եր­կիրնե­րուն մի­ջեւ առեւտրա­յին կա­պերու վե­րականգնու­մը, նե­րառեալ ազեր­պայճա­նական ապ­րանքնե­րու ներ­մուծու­մը Հա­յաս­տան։ Ան նաեւ ընդգծած է «Թրամ­փի ու­ղի՝ յա­նուն մի­ջազ­գա­յին խա­ղաղու­թեան եւ բար­գա­ւաճ­ման» (ԹՐԻՓՓ) նա­խագի­ծին իրա­գոր­ծման կարեւորութիւնը, որ կը նպա­տակադ­րէ ընդլայ­նել մի­ջազ­գա­յին առեւտրա­յին ու­ղի­ներն ու տա­րածաշրջա­նային կա­պերը՝ հիմ­նուելով եր­կիրնե­րու ինքնիշ­խա­նու­թեան ու տա­րած­քա­յին ամ­բողջա­կանու­թեան սկզբունքնե­րուն վրայ։

Անդրադարձ՝ Պաքուի հայ գերիներուն

Հա­կառակ ար­ձա­նագ­րուած տնտե­սական ու քա­ղաքա­կան դրա­կան տե­ղաշար­ժե­րուն, Ալէն Սի­մոնեան շեշ­տած է մար­դա­սիրա­կան հար­ցե­րու լուծման հրա­մայա­կանը։ Ան յստա­կօրէն պա­հան­ջած է, որ Ազեր­պայճա­նի մէջ պա­հուող 19 հա­յերը ան­յա­պաղ ազատ ար­ձա­կուին եւ վե­րադառ­նան իրենց ըն­տա­նիք­նե­րուն, ինչպէս նաեւ պար­զուի ան­հետ կոր­սուած միւս ան­ձե­րու ճա­կատա­գիրը, որ­պէսզի հնա­րաւոր ըլ­լայ հաս­նիլ իրա­կան հաշ­տութեան եւ յա­ջորդ սե­րունդնե­րուն կտա­կել խա­ղաղու­թեան ժա­ռան­գութիւն։

Շփումներ

Հա­մացան­ցա­յին եւ լրա­տուա­կան աղ­բիւրնե­րու հա­մաձայն, Պոլսոյ մէջ ըն­թա­ցող այս վե­հաժո­ղովի նիս­տե­րուն զու­գա­հեռ, Ալէն Սի­մոնեան կարճ աշ­խա­տան­քա­յին շփումներ ու­նե­ցած է շարք մը պաշ­տօ­նակից­նե­րու, ի շարս որոնց՝ Ազեր­պայճա­նի Միլ­լի Մեճ­լի­սի նա­խագահ Սա­հիպա Կա­ֆարո­վայի եւ Վրաս­տա­նի խորհրդա­րանի նա­խագահ Շալ­վա Պա­պուաշ­վի­լիի հետ։