Ռուսաստանի փոխվարչապետը ժամանած է Ազերպայճան
Ապրիլ 16-ին, Ռուսաստանի փոխվարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուք աշխատանքային այցելութեամբ ժամանած է Ազերպայճան։ Ան կը մասնակցի Պաքուի մէջ գումարուող ռուս-ազերպայճանական տնտեսական համագործակցութեան միջկառավարական յանձնաժողովի 24-րդ յաջորդական նիստին, որուն ազերպայճանցի համանախագահն է փոխվարչապետ Շահին Մուսթաֆաեւ։
Այս առիթով հրապարակուած պաշտօնական տեղեկութիւններուն համաձայն՝ հանդիպման օրակարգի գլխաւոր հարցերէն են երկկողմանի տնտեսական եւ բեռնափոխադրութեան կապերու ընդլայնումը, յատկապէս՝ «Հիւսիս-Հարաւ» միջազգային երթեւեկութեան միջանցքի ռազմավարական զարգացումը:
Նիստի ծիրէն ներս Օվերչուք յատուկ շնորհակալութիւն յայտնած է Ազերպայճանի իշխանութիւններուն՝ վերջերս Իրանէն Ռուսաստանի քաղաքացիներու տարհանման գործողութեան ընթացքին ցուցաբերած արագ արձագանգին եւ մարդասիրական աջակցութեան համար։
