Իշխան Սաղաթէլեան միասնական հանրահաւաք կ՚առաջարկէ
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովին մէջ «Հայաստան» խմբակցութեան երեսփոխան Իշխան Սաղաթէլեան խստիւ դատապարտած է իշխանութեան կողմէ՝ նորածին երեխայի մայր երիտասարդ կնոջ մը, ինչպէս նաեւ Բագրատ Սրբազանի, Արթուր Սարգսեանի եւ շարք մը այլ քաղաքացիներու ձերբակալութիւնները: Ան յիշեցուցած է, որ Նիկոլ Փաշինեանի իշխանութիւնը տարիներէ ի վեր կեղծ մեղադրանքներով կը հալածէ իր քաղաքական ընդդիմախօսները:
Այս «ապօրինութիւն»-ներուն վերջ տալու, «քաղաքական բանտարկեալ»-ները ազատ արձակելու եւ յառաջիկայ ընտրութիւնները վերահսկելու նպատակով՝ ան հրապարակաւ կոչ ուղղած է բոլոր ընդդիմադիր ուժերուն՝ մէկդի դնելու ներքին տարաձայնութիւնները եւ միասնական հանրահաւաք կազմակերպելու: Ըստ անոր, «իշխանութեան ճնշումներուն դիմագրաւել»-ու միակ ճանապարհը միացեալ ճակատով հանդէս գալն ու պատշաճ հակազդեցութիւն ցուցաբերելն է:
Աւելցնենք, որ «նորածին երեխայի մայր» ակնարկութիւնը կը վերաբերի «Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութեան անդամ Գոհար Ղումաշեանին, որ տնային կալանքի դատապարտուած է կաշառման գործարքներու մասնակցութեան ամբաստանութեամբ, իսկ Արթուր Սարգսեանը Բագրատ արք. Գալստանեանի գործով դատուողներէն է։ Ան կ՚ամբաստանուի իշխանութիւնը բռնի գրաւելու նպատակով ահաբեկչութիւն ծրագրելու մեղադրանքով։
Ապրիլ 16-ին ալ հայաստանեան լրասփիւռները կը հաղորդէին, թէ Հակակոռուպցիոն կոմիտէն (Կաշառակերութեան դէմ պայքարի յանձնախումբը) ձերբակալած է «Ուժեղ Հայաստան»-ի Արտաշատի ներկայացուցիչները։
