Սամուէլ Կարապետեան սկսած է իր միւս քաղաքացիութիւններէն հրաժարելու գործընթաց

Կարապետեան-6dbb-4ba6-0248-08de3c642a38_w1080_h608_s

Ապրիլ 15-ին Հակակոռուպցիոն (Եղծանման դէմ պայքարի) դատարանին մէջ սկսած է «Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութեան նախագահ, «Տաշիր» ընկերութիւններու խումբի նախկին ղեկավար Սամուէլ Կարապետեանի դատավարութիւնը: Ան կը մեղադրուի ապօրինի ծագում ունեցող միջոցներու օրինականացման եւ իշխանութիւնը բռնի գրաւելու հրապարակային կոչերու յանցանքով:

Դատական նիստի ընթացքին Կարապետեան յայտնած է, որ վստահ ըլլալով իր յաղթանակին, արդէն իսկ սկսած է Ռուսաստանի եւ Կիպրոսի քաղաքացիութենէն հրաժարելու գործընթաց։ Միւս կողմէ, անոր փաստաբանները զինք տնային կալանքէն ազատ արձակելու դիմում ներկայացուցած են, որպէսզի ան կարենայ լիարժէքօրէն մասնակցիլ Ապրիլ 21-ին կայանալիք կուսակցութեան համագումարին եւ Մայիսին սպասուող ընտրական գործընթացներուն: