Ռուբէն Վարդանեանի կոչը Հայաստանի ՄԻՊ-ին

ՌՎ

Պաքուէն՝ Ռուբէն Վարդանեան կոչ կ՚ուղղէ Հայաստանի ՄԻՊ-ին՝ այցելելու Ազերպայճան

Պաքուի մէջ 20 տարի ազատազրկման դատապարտուած Արցախի նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանը, իր ընտանիքին հետ հեռաձայնային զրոյցի մը ընթացքին, ուղերձ յղած է Հայաստանի Մարդկային իրաւանց պաշտպան (ՄԻՊ) Անահիտ Մանասեանին՝ խնդրելով դիտարկել Պաքու այցելելու կարելիութիւնը։

Վարդանեան յայտնած է, որ վերջերս հանդիպում ունեցած է Ազերպայճանի ՄԻՊ Սապինա Ալիեւայի հետ եւ բարձրացուցած է հայ գերիներու պահման պայմաններուն վերաբերող կենցաղային, առողջապահական եւ իրաւական շարք մը հարցեր։ Ըստ Վարդանեանի, Ալիեւա նշած է, որ արդէն իսկ քննարկած է Մանասեանի Պաքու այցելութեան հարցը եւ ազերպայճանական կողմը պատրաստակամութիւն յայտնած է աջակցելու, սակայն հայկական կողմէն տակաւին որեւէ նախաձեռնութիւն չէ ցուցաբերուած։

Արցախի նախկին Պետական նախարարը խստօրէն քննադատած է Հայաստանի իշխանութիւններուն եւ ՄԻՊ-ի հաստատութեան անտարբերութիւնը՝ նշելով, որ մինչ Երեւանի ներկայացուցիչները Պաքուի մէջ տնտեսական բանակցութիւններ կը վարեն, կալանաւորներու կեանքին ու իրաւունքներուն հարցը դուրս մնացած է պաշտօնական օրակարգէն։ Ան առաջարկած է կազմակերպել պաշտօնական պատուիրակութեան մը այցը Պաքու, որուն կրնան մասնակցիլ նաեւ բանտարկեալներու հարազատները. անոր կինը՝ Վերոնիքա Զոնապենտ, արդէն իսկ պատրաստակամութիւն յայտնած է միանալու նման նախաձեռնութեան մը։

Վարդանեան շեշտած է երկու երկիրներու ՄԻՊ-երուն միջեւ համակարգուած աշխատանքի անհրաժեշտութիւնը՝ պահանջելով անյապաղ գործի լծել բոլոր մարդասիրական եւ իրաւական միջոցները։ Ան ընդգծած է, որ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ սեփական քաղաքացիներու շահերու անտեսումը անհամատեղելի է պետութեան պարտաւորութիւններուն հետ։

Նշենք, որ Հայաստանի ՄԻՊ-ը տակաւին չէ արձագանգած այս ուղերձին։ Ներկայիս Պաքուի բանտերուն մէջ կը պահուին 20 հայեր, որոնց շարքին են նաեւ Արցախի նախկին ղեկավարները։