ԱՄՆ-ու ծերակուտականներու կոչը Meta-ին եւ Alphabet-ին

Դեմոկրատ ծերակուտական Ճին Շահին-d787-4b3d-4d08-08de3c91433d_w1023_r1_s

Դեմոկրատ ծերակուտական Ճին Շահին

Ծերակուտականները կոչ կ՚ընեն Meta-ին եւ Alphabet-ին՝ ընտրութիւններուն ընդառաջ պաշտպանելու Հայաստանը ռուսական ապատեղեկատւութենէն

Անցեալ շաբաթ, Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի բարձրաստիճան անդամ, դեմոկրատ Ճին Շահին եւ հանրապետական Թոմ Թիլիս նամակներ յղած են «Meta» եւ «Alphabet» ընկերութիւններուն՝ կոչ ընելով բաւարար միջոցներ տրամադրելու Հայաստանի մէջ Յունիս 7-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընդառաջ ռուսական ապատեղեկատւութեան կանխարգիլման համար։

Ծերակուտականները կը նշեն, որ անկախ փորձագէտներու գնահատականներով՝ Ռուսաստան կը կիրարկէ Մոլտովայի մէջ օգտագործած իր մարտավարութիւնը՝ նշեալ հարթակներուն միջոցաւ Հայաստանի ժողովրդավարական գործընթացին վրայ ազդելու նպատակով։ Անոնք կը յիշեցնեն վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի այն յայտարարութիւնը, թէ «Ռուսաստանէն մարդիկ» կը քաջալերուին սատարելու որոշ քաղաքական կուսակցութիւններու։

Նամակին մէջ կը յիշատակուի նաեւ «Իրազեկ քաղաքացիներու միաւորում» հասարակական կազմակերպութեան բացայայտումը. կազմակերպութիւնը ցանկագրած է «Meta»-ի հարթակներուն վրայ գործող շուրջ հարիւր էջեր, որոնք ընտրութիւններուն վերաբերող շահարկող (manipulative) բովանդակութիւն կը տարածեն։ Այս համակարգուած կեղծ արշաւը, ըստ հաղորդումներու, կը ղեկավարուի ռուսահայ օլիկարխի մը կողմէ, որուն ինքնութիւնը թէեւ չէ հրապարակուած, սակայն Թրամփի առաջին վարչակազմին կողմէ Գոնկրէսին ներկայացուած զեկոյցին մէջ բնութագրուած է որպէս Ռուսաստանի վարչակարգին մերձաւոր կարեւոր դէմք մը։

Մարք Ցուքըրպըրկին եւ «Alphabet»-ի ղեկավարութեան ուղղուած նամակին մէջ, Շահին եւ Թիլիս յոյս կը յայտնեն, որ ընկերութիւնները կը գործադրեն նոյն այն ջանքերը, որոնք կիրարկուեցան Մոլտովայի ժողովրդավարութիւնը պաշտպանելու համար՝ այս անգամ գործակցելով հայաստանեան պատկան կառոյցներուն հետ։

Ընդգծելով յառաջիկայ ընտրութիւններուն վճռորոշ նշանակութիւնը Հայաստանի ապագային եւ տարածաշրջանային խաղաղութեան նախաձեռնութիւններուն (ներառեալ TRIPP հաղորդակցութեան նախագիծին) համար, ամերիկացի ազդեցիկ ծերակուտականները կ՚եզրափակեն. «Որեւէ օտարերկրեայ տէրութեան պէտք չէ արտօնել ազդել Հայաստանի ինքնիշխան որոշումներուն վրայ»։