Բագրատ Գալստանեանի կալանքը՝ երկարաձգուած 2 ամիս
Դատարանը երկու ամիս եւս երկարաձգած է Տաւուշի թեմի նախկին առաջնորդ, «Սրբազան պայքար» շարժումի ղեկավար Բագրատ Գալստանեանի կալանքը։
Դատաւորը, լսելէ ետք պաշտպանական ու մեղադրող կողմերը, յայտարարած է, որ վարոյթը խոչընդոտելու եւ յանցանք կատարելու վտանգները այս պահուս չեն վերացած, եւ խափանման այլընտրանքային միջոցները «ի զօրու չեն ապահովելու Տաւուշի թեմի նախկին առաջնորդին պատշաճ օրինական վարքագիծը»։
Դատաւորին այս յայտարարութենէն ետք, ահաբեկչութեան ու իշխանութեան գրաւման փորձի յանցանքներով մեղադրուող Բագրատ Գալստանեանը չէ անդրադարձած իր կալանքի երկարաձգման. ան միայն դժգոհած է, որ մեղադրողները կը շարունակեն զինք աշխարհիկ անունով կոչել՝ ատիկա համարելով վիրաւորանք։ Դատախազը արձագանգած է, թէ ասիկա աշխարհիկ դատավարութիւն է, եւ որեւէ մէկը վիրաւորելու նպատակ չունին։
Գալստանեան չ՚ընդունիր իրեն վերագրուող մեղադրանքը։
Այս պահուս այս գործով 18 մեղադրեալներէն բանտը կը գտնուին միայն Բագրատ Գալստանեանն ու Վահագն Չախալեանը։ Երեսփոխան Արթուր Սարգսեանը եւ ուրիշ 4 հոգի տնային կալանքի տակ են, իսկ միւսները ազատ արձակուած են։
Նշենք, որ Գալստանեանի կալանքը նախապէս երկարաձգուած էր Փետրուարին։
***
2024 Մայիսին, երբ Բագրատ Գալստանեան ստանձնած էր «Սրբազան պայքար» շարժումին ղեկավարութիւնը եւ առաջադրուած՝ որպէս վարչապետի թեկնածու (այլ հարց, թէ հորիզոնի վրայ չկար նախատեսուած որեւէ ընտրութիւն՝ խորհրդարանական թէ այլ), անձամբ դիմած էր Ամենայն հայոց կաթողիկոսին՝ խնդրելով սառեցնել իր հոգեւոր ծառայութիւնը։
Թէեւ նման խնդրանք մը աննախադէպ էր եւ հակոտնեայ՝ Եկեղեցւոյ կանոնադրութեան, Մայր Աթոռը ընդառաջած էր՝ կասեցնելով անոր եկեղեցական-վարչական գործունէութիւնը։
Ուստի հիմա առնուազն զարմանալի է, որ ան կը տրտնջայ, երբ մեղադրողները զինք կը կոչեն իր աշխարհիկ անունով։
