19 քաղաքական ուժ ընտրութիւններուն մասնակցելու դիմում ներկայացուցած է
Ցարդ, ընդհանուր առմամբ 19 քաղաքական ուժ՝ 17 կուսակցութիւն եւ 2 դաշինք, Յունիս 7-ի ընտրութիւններուն մասնակցելու դիմում ներկայացուցած է։
Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովին (ԿԸՅ) իրենց փաստաթուղթերը յանձնած են իշխանութեան «Քաղաքացիական պայմանագիր», «Բոլորին դէմ եմ», «Ժողովրդավարական համախմբում», «Բարգաւաճ Հայաստան», «Միասնութեան թեւեր», «Հայ ազգային կոնգրէս / ՀԱԿ», «Լուսաւոր Հայաստան», «Ազգային ժողովրդավարական բեւեռ», «Հայաստանի շնորհապետական», «Քրիստոնէադեմոկրատական», «Նոր ուժ», «Հանրապետութիւն», «Ալիանս յառաջադիմական-կեդրոնամէտ», Ռեֆորմիստներու, «Դեմոկրատիա, օրէնք, կարգապահութիւն», «Քոչարի ազգային վերածնունդ եւ ազգի զարթօնք», «Յանուն Հանրապետութեան ժողովրդավարութեան պաշտպաններու դաշինք» կուսակցութիւնները, ինչպէս նաեւ «Ուժեղ Հայաստան» եւ «Հայաստան» դաշինքները։
Նշենք, որ 2021-ի ընտրութիւններուն մասնակցած էր 25 քաղաքական ուժ։
