ԵՄ-ի նոր առաքելութեան տեղակայումը պաշտօնապէս հաստատուած
Եւրոպական Միութիւնը պաշտօնապէս հաստատեց Հայաստանի մէջ նոր առաքելութեան տեղակայումը
Եւրոպական Միութիւնը պաշտօնապէս հաստատեց Հայաստանի մէջ նոր քաղաքացիական առաքելութեան մը (EUPM Armenia) ստեղծումը, որուն նպատակն է յառաջիկայ երկու տարիներուն աջակցիլ Երեւանին՝ դիմադրելու խառնաձեւ (հիպրիտային) սպառնալիքներուն, ընտրական գործընթացներուն օտար միջամտութիւններուն, համացանցային յարձակումներուն ու ապատեղեկատւութեան։ Ի տարբերութիւն սահմանային դիտորդական նախորդ առաքելութեան, շուրջ 20-30 անդամներէ բաղկացած այս խումբը պիտի գործէ մայրաքաղաքին մէջ՝ յատկապէս ընդառաջ Յունիս 7-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն, նպատակ ունենալով չէզոքացնել Ռուսաստանի հաւանական ապակայունացնող ազդեցութիւնը։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը ողջունած է իր իսկ դիմումով կայացուած այս որոշումը, որ կը նախորդէ Մայիս 5-ին Երեւանի մէջ կայանալիք Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան պատմական առաջին վեհաժողովին։ Եւրոպական բարձրագոյն ղեկավարներու մասնակցութեամբ նախատեսուած այս վեհաժողովին պիտի վերահաստատուին Եւրոպային մերձենալու Հայաստանի ուղեգիծը, այցագրերու (վիզաներու) ազատականացման գործընթացի յառաջընթացը եւ ժողովրդավարական դիմադրականութեան ամրապնդումը՝ առանց սակայն Ազերպայճանի հետ բարդ յարաբերութիւններու խորքային արծարծման կամ ռազմական նոր գանձատրումներու յայտարարութեան։
