ՄԻՊ-ը կ՚արձագանգէ Ռուբէն Վարդանեանին.

Մանասեան-ՌՎ

«Պաքուէն հրաւէր չեմ ստացած, իմ իրաւասութիւններս միայն Հայաստանի մէջ են»

Ի շարունակութիւն Պաքուի բանտէն Ռուբէն Վարդանեանի կողմէ Հայաստանի Մարդկային իրաւանց պաշտպանին (ՄԻՊ) ուղղուած կոչին, Անահիտ Մանասեան պաշտօնապէս արձագանգած է անոր դիմումին։

Հերքելով Ազերպայճանի ՄԻՊ-ին այն պնդումը, թէ իբր հայկական կողմին հետ արդէն քննարկուած է Պաքու այցելելու հարցը, Մանասեան յայտնած է, որ հայկական հաստատութիւնը որեւէ պաշտօնական առաջարկ կամ հրաւէր չէ ստացած ազերպայճանական կողմէն։

Մանասեան բացատրած է, որ իր իրաւասութիւններն ու բանտեր այցելելու լիազօրութիւնը կը վերաբերին բացառապէս Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին։ Ան նաեւ յիշեցուցած է, որ որեւէ երկրի մէջ կալանաւորներու իրաւունքներու պաշտպանութիւնը տուեալ պետութեան (այս պարագային՝ Ազերպայճանի) պաշտպանին ուղղակի գործառոյթն է եւ պէտք չէ պայմանաւորուած ըլլայ այլ երկրի մը հետ ունեցած հաղորդակցութեամբ։

Աւարտին, Մանասեան վերահաստատած է իր անփոփոխ կեցուածքը. «Ազերպայճանի մէջ ազատազրկուած բոլոր հայերը պէտք է անյապաղ ազատ արձակուին»։