Գարեգին Բ. կոչ կ՚ընէ մասնակցելու ընտրութիւններուն եւ զերծ մնալու ատելութեան խօսքէն

Գարեգին Բ

Ամենայն հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ. Արարատեան տօներու շաբթուան առիթով իր յղած ուղերձին մէջ անդրադարձած է երկրի ներկայ մտահոգիչ կացութեան եւ Յունիս 7-ին կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն։

Վեհափառը ցաւով նշած է, որ «այս տարի Սուրբ Էջմիածնի տօնը կը նշուի ծանր պայմաններու մէջ, երբ հասարակութիւնը պառակտուած է, կը սերմանուին ատելութիւնն ու թշնամանքը, իսկ իշխանութիւններու միջամտութեամբ կը խաթարուին Եկեղեցւոյ դարաւոր կանոնները եւ հալածանքի կ՚ենթարկուին հաւատացեալներն ու Սուրբ Եկեղեցին»։

Քանի որ Սուրբ Էջմիածնի տօնին կը զուգադիպին նաեւ խորհրդարանական ընտրութիւնները, Հայրապետը յորդորած է ժողովուրդին անպայմանօրէն մասնակցիլ քուէարկութեան՝ ազգի եւ հայրենիքի շահերու բարձր գիտակցութեամբ, որպէսզի երկրին մէջ գերակայեն օրէնքը, արդարութիւնն ու համերաշխութիւնը։ Ան քաղաքական ուժերուն կոչ ուղղած է դրսեւորելու զգօնութիւն, զերծ մնալու ատելութեան խօսքէն եւ ժողովուրդը հեռու պահելու անցանկալի զարգացումներէն։ Միաժամանակ, Վեհափառը իրաւապահ մարմիններուն յորդորած է ապահովել արդար ընտրութիւններու անցկացման եւ քաղաքացիներու ազատ կամքի արտայայտման բոլոր պայմանները։

Նշենք, որ Արարատեան տօներու շաբթուան ընթացքին Հայ առաքելական եկեղեցին կը յիշատակէ Սուրբ Հռիփսիմեանց եւ Գայիանեանց կոյսերու նահատակութիւնը, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի Խոր Վիրապէն ելքն ու Հայաստանի մէջ քրիստոնէութեան պետական կրօն հռչակումը, որ կ՚եզրափակուի Սուրբ Էջմիածնի տօնով։