Լուքաշէնքօ հայերը կը զգուշացնէ Ուքրաինայի իրադարձութիւններու կրկնութենէն
Պելառուսի նախագահը նաեւ կը պնդէ, թէ Հայաստանի տարածքով կազի նոր տարանցում կազմակերպելու մասին Փաշինեանի յայտարարութիւնները սուտ են
Հայերը պէտք է շատ զգուշ ըլլան, որպէսզի չկրկնեն այն, ինչ որ տեղի ունեցաւ Ուքրաինայի մէջ, յայտարարած է Պելառուսի նախագահը։
“Ուքրաինայի մէջ ճիշդ այդպէս ալ սկսաւ, դուք ատիկա կը յիշէք. որպէսզի հայերը, որոնք նոր դուրս եկած են պատերազմէ մը, այդ առնչութեամբ ծանր կացութեան մէջ չյայտնուին։ Պէտք չէ աճապարել։ Պէտք է պարզապէս մտածել, պէտք է իմաստուն ըլլալ”,– «ՊելԹԱ» լրատու գործակալութեան համաձայն՝ լրագրողներուն ըսած է Ալեքսանտր Լուքաշէնքօ՝ Ասթանայի մէջ կայացած ԵԱՏՄ-ի վեհաժողովի ընթացքին։
Ան հայ ժողովուրդին կոչ ուղղած է «այդպիսի քայլի մը դիմելէ առաջ» (ենթադրաբար նկատի ունենալով ԵԱՏՄ-էն հաւանական դուրս գալն ու դէպի Եւրոպական Միութեան անդամակցութիւն ընթանալը)՝ «շատ լուրջ մտածել»։ “Ահա միակ բանը, որուն մասին կոչ կ՚ընեմ իրենց. ժողովուրդը իր կարծիքը կ՚արտայայտէ, մենք ալ անոր կը համակերպինք”,– յայտարարած է Պելառուսի նախագահը։
Խօսելով Ասթանայի մէջ ընդունուած յայտարարութեան մասին, ուր Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամ չորս պետութիւններու ղեկավարները կը յայտնեն, որ Դեկտեմբերին պիտի քննարկեն Հայաստանի անդամակցութեան հարցը, ինչպէս նաեւ Երեւանին կը յորդորեն սեղմ ժամանակի մէջ ԵՄ-ին անդամակցելու կամ ԵԱՏՄ-ի մէջ մնալու հարցով հանրաքուէ կազմակերպել, Լուքաշէնքօ ըսած է. “Մենք ճնշում չենք բանեցներ ժողովուրդին վրայ, մանաւանդ որ կը հասկնանք, թէ հոս քաղաքական խաղ կայ. վաղը Հայաստանի մէջ ընտրութիւններ են։ …Բայց Հայաստանի ղեկավարութիւնը ի զուր այդպէս կը վարուի. ասիկա կը յանգեցնէ ԵԱՏՄ-ի նուաստացման, եւ ԵԱՏՄ-ի բոլոր անդամներն ալ ատոր համաձայնեցան”։
“Որոշ շրջանակներու շահաւէտ է ատիկա. եկան, հոն հաւաքուեցան մարդիկ. գիտէք թէ ով կար հոն եւրոպացիներէն, ինչե՜ր չխոստացան։ Թէեւ մենք այդ խոստումները չլսեցինք, միայն դատապարտումներ կային. իբր թէ Պելառուսը եւ Ռուսաստանը այսպէս են, այնպէս են։ Անշուշտ մենք կատարեալ չենք, …բայց նախ դուք մէյ մը ձեզի նայեցէք”,– յայտարարած է Պելառուսի նախագահը։
“Վերջերս ես լսեցի Փաշինեանի յայտարարութիւնները. «Մեր տարածքով խողովակներ պիտի անցնին, եւ մեզի կազով պիտի վճարեն. թէ՛ կազ, թէ՛ դրամ շատ պիտի ըլլայ»։ Լսեցէ՛ք, թէ ատիկա ե՞րբ պիտի ըլլայ՝ հարց է. ուրկէ՞, ի՞նչ խողովակներ պիտի անցնին։ Կ՚ուզէի գիտնալ, թէ ինչո՞ւ ան կը ստէ իր ժողովուրդին. ի՞նչ խողովակ. ուրկէ՞ պիտի գան այդ խողովակները եւ ո՞վ պիտի տայ անոնց այդ կազը, ու ի՞նչ դրամներ պիտի ըլլան”,– աւելցուցած է Լուքաշէնքօ։
Մոսկուան վերջին շաբաթներուն բազմիցս իր դժգոհութիւնը յայտնած է Եւրոպական Միութեան հետ Հայաստանի կապերու սերտացման, ներառեալ՝ Մայիսի սկիզբը Երեւանի մէջ կայացած Եւրոպական քաղաքական համայնքի վեհաժողովին եւ անոր Զելենսքիի մասնակցութեան առնչութեամբ։
Ռուսաստանը ամէնէն բարձր մակարդակով Հայաստանին կը յորդորէ արագօրէն կողմնորոշուիլ Եւրոպական Միութեան եւ ԵԱՏՄ-ի միջեւ, եւ այդ հարցով հանրաքուէ կազմակերպել։ Ասթանայի վեհաժողովին ընթացքին համապատասխան յայտարարութեան միացան Պելառուսը, Ղազախստանն ու Քիրկիզստանը։
Երեւան կը շեշտէ, որ ԵԱՏՄ-էն դուրս գալու մտադրութիւն չունի եւ Մոսկուայի շահերուն ալ յարգանքով կը վերաբերի։
Այդուհանդերձ, Ռուսաստան նորանոր սահմանափակումներ կը սահմանէ Հայաստանէն կատարուող ներածումներուն նկատմամբ, ինչպէս նաեւ կը յայտարարէ երկրին մատակարարուող կազի սակագինը բարձրացնելու հաւանականութեան մասին։
