«Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան եզրափակիչ հանրահաւաքը
Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ Յունիս 5-ին տեղի ունեցած է «Քաղաքացիական պայմանագիր» (ՔՊ) կուսակցութեան՝ Յունիս 7-ի խորհրդարանական ընտրութիւններու քարոզարշաւը եզրափակող մեծ հանրահաւաքը, զոր վարած է Ազգային ժողովի փոխնախագահ Ռուբէն Ռուբինեան։
Ելոյթ ունեցողները, որոնց շարքին Երեւանի քաղաքապետ Տիգրան Աւինեան, ԱԺ նախագահ Ալէն Սիմոնեան եւ պետական այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ, ընդգծած են երկրին մէջ հաստատուած խաղաղութեան կարեւորութիւնն ու զայն պահպանելու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ անդրադարձած են տնտեսական աճին, պաշտպանական ոլորտի բարեփոխումներուն ու առողջապահական ծրագրերուն։ Շեշտուած է, որ 28 օրուան քարոզարշաւի ընթացքին ՔՊ-ի խումբը հանդիպած է աւելի քան 1 միլիոն 800 հազար քաղաքացիներու հետ։
Հանրահաւաքին եզրափակիչ խօսքով հանդէս եկած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։ Ան խստօրէն քննադատած է ընդդիմադիր ուժերը՝ պահանջելով, որ ընտրութիւններէն անմիջապէս ետք Մարտ 1-ի գործով ձերբակալուի Ռոբերտ Քոչարեանը։ Փաշինեան կոչ ըրած է նոր Սահմանադրութեան ընդունումով մաքրելու դատական ու քաղաքացիական «մաֆիաները» եւ պահանջած ընտրակեղծարարներն ու ընտրակաշառք բաժնողները անմիջապէս բանտարկել։
Վարչապետն ու ՔՊ-ի միւս ներկայացուցիչները կոչ ըրած են քուէարկելու ի նպաստ թիւ 16-ին՝ իրենց, որ կը ներկայանան «Տէ՛ր կանգնիր խաղաղութեանը» կարգախօսով։ Հանրահաւաքը աւարտած է անօդաչու սարքերու ցուցադրութեամբ եւ «Վարչապենտ» երաժշտական խումբի ելոյթով։
