Գագիկ Բեգլարեանի, Արմէն Աշոտեանի եւ Գայիանէ Գասպարեանի ձերբակալութիւնները
Եղծանման դէմ պայքարի (հակակոռուպցիոն) կոմիտէին կողմէ քննուող քրէական վարոյթի ծիրէն ներս ձերբակալուած է Հայաստանի Փոխադրամիջոցներու եւ հաղորդակցութեան նախկին նախարար, Երեւանի նախկին քաղաքապետ Գագիկ Բեգլարեան։ Ան կը մեղադրուի պաշտօնի չարաշահման եւ առանձնապէս մեծ չափով փողի լուացման յանցանքներով։ Բեգլարեանը կալանաւորելու դիմում կատարուած է դատարան։
Զուգահեռաբար, ձերբակալուած են Կրթութեան եւ գիտութեան նախկին նախարար Արմէն Աշոտեանն ու «Բրիւսով» համալսարանի նախկին գլխաւոր տեսուչ Գայիանէ Գասպարեանը։
Քրէական հետապնդում յարուցուած է Արմէն Աշոտեանի, Պետական եկամուտներու կոմիտէի (ՊԵԿ) նախկին նախագահ ու Ելեւմուտքի նախկին նախարար Գագիկ Խաչատրեանի, անոր որդիին, Գայիանէ Գասպարեանի եւ երեք ուրիշ անձի նկատմամբ։ Ըստ իրաւապահներու՝ պաշտօնի չարաշահումով անոնք պետութենէն իւրացուցած են Երեւանի Փուշքինի 38/1 հասցէին գտնուող 451 քառակուսի մեթր մակերեսով անշարժ գոյքն ու հողամասը, որ կը գնահատուի աւելի քան 208 միլիոն դրամ (շուրջ կէս միլիոն եւրօ)։ Այդ գոյքը նախ ձեւակերպուած է այլ անձի մը անունով, ապա 75 միլիոն դրամով գնուած ու արձանագրուած է Գագիկ Խաչատրեանի որդիին անունով։
Աւելի ուշ կը հաղորդուէր, թէ Արմէն Աշոտեան դատապարտուած է մէկ ամիս բանտարկութեան։
