Ըստ նախնական տուեալներուն՝ քուէներու շուրջ 55%-ով առաջատար է «ՔՊ» կուսակցութիւնը
Կիրակի, Յունիս 7-ին տեղի ունեցան Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւնները, որոնք ոչ միայն ճակատագրական նշանակութիւն ունին Հանրապետութեան համար, այլեւ իրենց վրայ սեւեռած են ամբողջ տարածաշրջանին եւ նոյնիսկ աշխարհին ուշադրութիւնը։ Դրդապատճառներուն անդրադառնալու առիթ բազմիցս ունեցած ենք, կ՚ունենանք եւ դեռ պիտի ունենանք առնչակից նիւթերու մէջ։
Մասնակցած է ընտրողներուն 58,97 տոկոսը
Այս քուէարկութիւնը նախ եւ առաջ կը յատկանշուի մասնակցողներուն բարձր տոկոսով։
Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովին համաձայն՝ ժամը 20-ին, երբ կը փակուէին երկրին 2005 ընտրատեղամասերը, քուէարկած էր 1 միլիոն 476 հազար 597 ընտրող կամ քուէարկելու իրաւունք ունեցողներուն 58,97 տոկոսը։
Նշենք, որ 2021-ի ընտրութիւններուն մասնակցութեան ցուցանիշը 49,39 տոկոս էր։
Նախնական տուեալներով՝ առաջին դիրքի վրայ է «Քաղաքացիական պայմանագիր»-ը
Երկուշաբթի առաւօտեան ժամը 1-ին՝ այն պահուն, երբ թերթը մամուլին կը յանձնէինք, ըստ առաջին եւ, բնականաբար, ոչ-պաշտօնական արդիւնքներուն, Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը հասած էր առաջին դիրքի վրայ՝ 314 տեղամասերու հաշուարկով ձեռք ձգելով քուէներուն 54,87 տոկոսը։
Այդ 314 ընտրատեղամասերուն մէջ քուէարկած են 99 հազար 3 ընտրողներ։ Ըստ հրապարակուած արդիւնքներուն՝ ձայները բաշխուած են հետեւեալ համեմատութեամբ.

Առաջին շնորհաւորութիւնները՝ Վրաստանի վարչապետէն
Հետաքրքրական է, որ ընտրատեղամասերու արդիւնքներուն հազիւ 1/20-ը նոր յայտարարուած՝ Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Քոպախիծէ շտապած է շնորհաւորել Նիկոլ Փաշինեանը՝ անոր գլխաւորած քաղաքական ուժին արձանագրած յաջողութեան համար։
Վրաստանի վարչապետը այս մասին կատարած է հետեւեալ գրառումը «X» ընկերային ցանցի իր հաշիւին վրայ.
«Ի սրտէ կը շնորհաւորեմ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը՝ ընտրութիւններուն անոր կուսակցութեան արձանագրած յաջողութեան առիթով։ Անհամբեր կը սպասեմ մեր սերտ համագործակցութեան շարունակութեան՝ Վրաստանի եւ Հայաստանի միջեւ ռազմավարական գործընկերութիւնն ու բարեկամական յարաբերութիւնները ամրապնդելու, ինչպէս նաեւ մեր ազգերու բարգաւաճման համար»։ ■
