Քուէարկութեան մասնակցած է ընտրողներուն 58,97 տոկոսը

Ընտրատեղամաս

Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովին համաձայն՝ ժամը 20-ին, երբ կը փակուէին ընտրատեղամասերը, Հայաստանի Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն քուէարկած էր 1 միլիոն 476 հազար 597 ընտրող կամ քուէարկելու իրաւունք ունեցողներուն 58,97 տոկոսը։

Նշենք, որ 2021-ի ընտրութիւններուն մասնակցութեան ցուցանիշը 49,39 տոկոս էր։