«Վերջերս Պիշքեքի մէջ տեղի ունեցած ոչ-պաշտօնական միջոցառման մը ընթացքին Փութին մարտահրաւէր նետեց երիտասարդ ժիւտոքայի մը՝ պաշտպանելով աւագ սերունդին պատիւը»,– Turkistan պարբերականին տուած հարցազրոյցին մէջ յայտարարած է Ղազախստանի նախագահ Գասիմ-Ժոմարթ Թոքաեւ՝ պատասխանելով հարցումին, թէ ԱՊՀ-ի իր գործընկերներէն որո՞նք ուշագրաւ են իրենց մարզական կարողութիւններով։

«Ֆիզիքապէս ուժեղ է նաեւ Ալիեւը. ան մշտապէս կը մարզուի, Ժափարովը ֆութպոլ կը խաղայ։ Միրզիյոյեւը լաւ մարզավիճակի մէջ է. ան միաժամանակ մարզասրահի մէջ կը մարզուի։

Փաշինեանը հեծանուորդ է։ Պարզուեցաւ, որ Լուքաշենքօն տակաւին հոքէյ կը խաղայ։ Ռահմոնը նոյնպէս գերազանց առողջութիւն ունի. ան զինուոր-նաւաստիի տոկունութիւն ունի։ Այնպէս որ, մեր բոլոր գործընկերները գերազանց մարզավիճակի մէջ են»,– նշած է Թոքաեւ։