23-րդ «Ոսկէ ծիրան»-ը հասաւ իր աւարտին

Ոսկէ ծիրան

Յայտարարուեցան մրցանակակիրները

Երեւանի 23-րդ «Ոսկէ ծիրան» շարժանկարի միջազգային փառատօնը հասաւ իր աւարտին։ Յուլիս19-ին Կինոյի տան մէջ տեղի ունեցած փակման հանդիսաւոր արարողութեան ընթացքին յայտարարուեցան մրցանակակիրները։ Միջազգային ժապաւէններու մրցոյթին գլխաւոր՝ «Ոսկէ ծիրան» մրցանակին արժանացաւ Միլակրոս Մումենթալերի «Հոսանքներ»-ը, իսկ «Արծաթէ ծիրան»-ը շնորհուեցաւ Մորթեզա Ահմատվանտի եւ Ֆիրուզէ Խոսրովանիի «Անցեալ, ապառնի, շարունակական» ժապաւէնին։ Տարածաշրջանային մրցոյթին ոսկէ եւ արծաթէ մրցանակները բաժին ինկան յաջորդաբար Ամիր Ազիզիի «Ամիրի հոգիին մէջ» եւ Ալեքսանտրէ Քոպերիձէի «Չորցած տերեւ» ստեղծագործութիւններուն, վերջինս ստանալով նաեւ Շարժարուեստի մամուլի միջազգային դաշնակցութեան (FIPRESCI) մրցանակը։

Կարճ ժապաւէններու «Կորիզ» մրցոյթին գլխաւոր մրցանակը նուաճեց Սերուժ Յովսէփեանի «Մենաւոր երկխօսութիւններ»-ը, իսկ «Արծաթէ ծիրան»-ը շնորհուեցաւ Ովսաննա Գէորգեանի «Վարձու սգաւորներ» ժապաւէնին։ Արարողութեան ընթացքին յանձնուեցան նաեւ յատուկ յիշատակումներ եւ մրցանակներ։ «Փարաճանովեան թալեր»-ը շնորհուեցաւ տարածաշրջանային մրցոյթի դատական կազմի նախագահ Մահմուտ Քալարիին, իսկ փառատօնի «Վարպետ» մրցանակը յանձնուեցաւ հոլիվուտեան ծանօթ արտադրող  Սեւ Օհանեանին։

Փառատօնի գեղարուեստական տնօրէն Կարէն Աւետիսեան իր խօսքին մէջ արժեւորեց հայկական ծագումով արուեստագէտներուն կապը Հայաստանի հետ՝ յատկապէս դրուատելով անուանի գործիչներ Սիմոն Աբգարեանը, 85-ամեակը տօնող Ռոման Բալայեանը եւ Սեւ Օհանեանը։ Մրցանակը ստանալու պահուն, հայերէնով ընթերցած իր խօսքին մէջ Օհանեան նշեց, որ իր յաջողութեան գլխաւոր պատճառը իր հայ ըլլալն է ու համայն հայութեան աջակցութիւնը վայելելը։ Ան շեշտեց, որ այժմ ինք կը ձգտի նոյն կերպով սատարել հայ շարժանկարի արտադրողներու նոր սերունդին՝ հոլիվուտեան յառաջխաղացքի ճամբուն վրայ։

Փառատօնը իր աշխատանքները եզրափակեց Կոտֆրի Ռեճոյի «Ժուկով-ժամանակով» (Once Upon a Time) ժապաւէնի ցուցադրութեամբ։