Վենետիկի մէջ քննարկուած են Հայաստանի եւ Իտալիոյ տնտեսական համագործակցութիւնը ընդլայնելու հեռանկարները

Վենետիկ

Հայկական ձեռնարկութիւններու եւրոպական շուկաներ մուտք գործելու խթանման ուղղուած ՀՀ կառավարութեան ծրագրի ծիրէն ներս, Յուլիս 20-ին Վենետիկ՝ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոսարանին մէջ, կայացած է աշխատանքային հանդիպում մը։

Հանդիպումին մասնակցած են Հայաստանի Տնտեսութեան նախարարի տեղակալ Անուշիկ Աւետեանը, Իտալիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Վլատիմիր Կարապետեանը, «Ներդրումներու աջակցութեան կեդրոն» հիմնադրամի տնօրէն Գոհար Ապաճեանը, Վենետիկի ՔՈՆՖԱՓԻ (CONFAPI) գործարարներու միութեան նախագահ Մարքօ Զեքքինելլին, գլխաւոր տնօրէն Նիքոլա Զանոնը եւ կառավարման խորհուրդի անդամները։

Հանդիպումի ընթացքին քննարկուած են Հայաստան-Իտալիա տնտեսական համագործակցութեան ընդլայնման հեռանկարները, միտքեր փոխանակուած են տարբեր ոլորտներու մէջ հայկական արտադրանքին եւրոպական շուկաներուն մէջ յառաջխաղացքին, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներուն միջեւ առեւտրատնտեսական կապերու ամրապնդման եւ նոր գործարար կարելիութիւններու ստեղծման շուրջ։

Այնուհետեւ պատուիրակութիւնը ընդունուած է Վենետիկի նահանգապետ Տարքօ Փելլոսի կողմէ։ Հանդիպումի ընթացքին ընդգծուած է Հայաստանի եւ Իտալիոյ միջեւ տնտեսական եւ հաստատութենական համագործակցութեան հետագայ զարգացման կարեւորութիւնը։