Յունիս 1-էն Յուլիս 19 Հայաստանէն արտածուած է 7654 թոն ծիրան

ԾԻՐԱՆ

Այս տարուան Յունիս 1-էն մինչեւ Յուլիս 19 Հայաստանէն արտածուած է 7654 թոն ծիրան՝ աւելի քան 380 մեծ բեռնատարներով։ Այս մասին դիմագիրքեան իր էջով հաղորդած է Հայաստանի Տնտեսութեան նախարար Գէորգ Պապոյեան։

«Արտածման աշխարհագրութիւնը շատ լայն է, բայց Սպանիա արտածում չունինք, չունինք նաեւ Փորթուկալ, հետեւաբար կ՚առաջարկեմ, որ ընդդիմադիր մամուլը այսօր ալ դէպի Փորթուկալ “արտածուած” մէկ բեռնատար ծիրան փճացնէ»,– գրած է Պապոյեան։

Յուլիս 20-ին «Armatmedia»-ն տարածած էր լուր մը, ըստ որուն՝ Հայաստանէն Սպանիա արտածուած ծիրանի խմբաքանակ մը ճամբան փճացած է եւ պիտանի չէ սպառման համար։ Հայաստանի Տնտեսութեան փոխնախարար Արման Խոճոյեան եւս Դիմագիրքի իր էջին գրառում մը կատարելով հերքած էր այդ լուրը՝ յստակացնելով, որ Հայաստանէն դէպի Սպանիա տակաւին ծիրան չէ արտածուած։

Նշենք, որ Ռուսաստան Յունիս 2-էն ի վեր սահմանափակումներ կը կիրարկէ Հայաստանէն կորիզաւոր պտուղներու եւ խաղողի ներածման նկատմամբ։ Հայաստանի կառավարութիւնը այս ընթացքին քայլերու ձեռնարկած է արտածման շուկաները բազմազան դարձնելու ուղղութեամբ, որուն շնորհիւ ստեղծուած է հայկական ապրանքներուն՝ եւրոպական շուկայ մուտք գործելու կարելիութիւն։ Այս ծիրէն ներս, Հայաստան արդէն իսկ կարգ մը ապրանքներ արտածած է Եւրոպական Միութեան երկիրներ։ Միւս կողմէ, Եւրոպական Միութիւնը կը նախատեսէ նաեւ հայկական ապրանքներու շուրջ 80 տոկոսի ներածման մաքսատուրքերը առժամաբար ջնջել՝ իբրեւ աջակցութիւն Հայաստանին՝ Ռուսաստանի կողմէ կիրարկուող սահմանափակումներուն լոյսին տակ։