Համշէնցիներու ծագման բանավէճին մէջ «ազերպայճանական գանձատրման ցանց»-ի մը վերաբերեալ մեղադրանքներ
Տեղական դէմքեր եւ Պաքուի կապեր
Թուրքիոյ մէջ հայկական ծագումով համշէնցիներու պատմութեան, մշակոյթին եւ ծագման շուրջ ընթացող ակադեմական եւ հանրային բանավէճը վերջերս նոր տարողութիւն ստացած է՝ շրջանային դերակատարներու եւ քաղաքացիական հասարակութեան կարգ մը ներկայացուցիչներու գործունէութեամբ։ Կը պնդուի, որ շրջանին մէջ հետազօտողները թիրախաւորող արշաւներուն ետին կանգնած են ազերպայճանական հաստատութիւններ ու գանձատրման ցանցեր։ Ռիզէի եւ Արդուինի մէջ համշէնցիներու լեզուական եւ պատմական ծագման շուրջ քննարկումները վերստին ուշադրութեան կեդրոն բերած են կարգ մը տեղական հարթակներու ղեկավարներուն եւ ազերպայճանական պետական ու քաղաքացիական հաստատութիւններուն միջեւ գոյութիւն ունեցող սերտ կապերը։ Ըստ շրջանային զարգացումներուն հետեւող անձերու՝ «Համշէն» հարթակի նախագահ Մեթին Կիւլթան եւ անոր շարք մը գործակիցները, ըստ պնդումներու, յաճախակի հանդիպումներ ունեցած են ազերպայճանցի պետական պաշտօնատարներու եւ ազերպայճանական սփիւռքի կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ՝ այցելութիւններ կատարելով այն ուղեծիրով, որ կը բնութագրուի իբրեւ «Պաքու-Համշէն» կապ։
Ըստ մեղադրանքներուն, այս աղմուկին կեդրոնը գտնուող անձերը կը պաշտպանեն այն տեսակէտը, որ համշէնցիները ամբողջութեամբ թրքական ծագում ունին, իսկ անոնց խօսած լեզուն արհեստականօրէն ստեղծուած է։ Միւս կողմէ, տեղացի այն պատմաբաններն ու ընկերաբանները, որոնք համշէնական լեզուն եւ մշակոյթը կ’ուսումնասիրեն ակադեմական փաստերով եւ կը բացայայտեն անոնց պատմական կապերը հայկական անցեալին հետ, անոնք ալ կը պիտակաւորուին իբրեւ «հայկական գործակալներ» կամ կը մեղադրուին «ապատեղեկատւութիւն տարածելու» յանցանքով՝ դառնալով հանրային արշաւներու թիրախ։ Շրջանի զարգացումներուն մօտէն հետեւող փորձագէտները կը նշեն, որ Ազերպայճան վերջերս ընդլայնած է իր գործունէութիւնը՝ Թուրքիոյ մէջ բնակող ցեղային փոքրամասնութիւններուն եւ մշակութային համայնքներուն նկատմամբ։ Պաքուի կառավարութիւնը կը ձգտի ամրապնդել իր սեփական պատմական եւ քաղաքական պատումները Թուրքիոյ մշակութային խումբերուն մէջ՝ իբրեւ շարունակութիւն արտաքին քաղաքականութեան մը, որ լայնօրէն կը կապուի Իսրայէլի հետ իր ունեցած ռազմական, տնտեսական եւ ռազմավարական գործընկերութեան։ Այս ծիրէն ներս, կը պնդուի, թէ մատակարարման եւ գանձատրական աջակցութիւն տրամադրուած է այն նախաձեռնութիւններուն ու կազմակերպութիւններուն, որոնք յառաջ կը մղեն համշէնցիներու ծագման վերաբերեալ թրքական պետութեան պաշտօնական թեզը։
Խնդրոյ առարկայ գործունէութիւնները կ՚ենթադրեն ռազմավարական համագործակցութիւն՝ Ազերպայճանի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմին յարող հաստատութիւններու եւ Թուրքիոյ մէջ գործող կարգ մը կազմակերպութիւններու միջեւ։ Ամէնէն յաճախ յիշատակուող անուններու շարքին են Ազերպայճանի նախագահի աշխատակազմին առընթեր գործող Ռազմավարական ուսումնասիրութիւններու կեդրոնի հետազօտող Արազ Գուրպանով, ինչպէս նաեւ «Անհիմն հայկական պնդումներու դէմ պայքարի միութեան» (ASİMDER) նախագահ եւ Ազերպայճանի սփիւռքի միջազգային կազմակերպութեան Թուրքիոյ ներկայացուցիչ Կէօքսէլ Կիւլպէյ։ Գուրպանով մասնագիտացած է ցեղային փոքրամասնութիւններու, ինչպէս նաեւ արտաքին ազդեցութեան ենթակայ նկատուող շրջանային շարժումներու ուսումնասիրութեան մէջ եւ հեղինակն է «Մահմետական հայեր. տարածաշրջանի աշխարհաքաղաքական խաղերու նոր դերակատարները» գիրքին։ Տեղական աղբիւրներ կը պնդեն, թէ այս երկուքը սերտօրէն աշխատած են Մեթին Կիւլթանի, Պիլալ Պեքարի եւ Շենճան Քըրչիչեքի նման անձերու հետ՝ համակարգելու համար Թուրքիոյ մէջ իրենց գործունէութիւնը։
Գիտական աշխատանքները իբրեւ յանցանք ներկայացնելու այս փորձերը, հետազօտողներուն հրապարակաւ թիրախաւորումը եւ տեղական մշակոյթին շահագործումը քաղաքական նպատակներով՝ խոր մտահոգութեան մատնած են համշէնական համայնքն ու անկախ գիտնականները։ Անոնք ժողովուրդին կոչ կ’ընեն զգօն մնալու, քանի որ մշակութային ինքնութեան շուրջ ծաւալող այս քննարկումներուն քօղին տակ՝ իրականութեան մէջ քաղաքական ծածուկ արշաւ մը կը մղուի։
