Եւրոպական Միութիւնը ընդունած է Ռուսաստանի նկատմամբ պատժամիջոցներու ամէնէն ընդարձակ ծրարը
Եւրոպական Միութիւնը տասնօրեայ լարուած բանակցութիւններէ ետք ընդունած է Ռուսաստանի նկատմամբ պատժամիջոցներու նոր ծրարը, որ ամէնէն ընդարձակն է Ուքրաինայի դէմ պատերազմի սկիզբէն ի վեր։
Սեւ ցանկին մէջ յայտնուած են դրամատուներ, արհեստագիտական եւ գրիփթօ-դրամանիշերով զբաղող ընկերութիւններ, ստուերային նաւատորմի աւելի քան 40 նաւեր, ինչպէս նաեւ Ռուսաստանի եւ Պելառուսի մէջ գտնուող շարք մը քարիւղի զտարաններ։
Բանակցութիւնները շաբաթներէ ի վեր փակուղիի մէջ էին, քանի որ Եւրոպական յանձնաժողովը կ՚առաջարկէր գալ տարուընէ արգիլել ռուսական հեղուկ կազի վերարտածումը Եւրոպական Միութեան նաւահանգիստներով դէպի երրորդ երկիրներ, առաջարկ մը, որուն կ՚ընդդիմանար Յունաստանը։
Երկար քննարկումներէ ետք կողմերը համաձայնած են այս դրոյթին գործադրութիւնը յետաձգել մէկ տարի եւս։ Փոխարէնը՝ Յունաստան համաձայնած է ռուսական քարիւղի ոլորտին դէմ սահմանափակումներուն։ Ըստ այդմ, ռուսական քարիւղին համար սահմանուած գինի առաւելագոյն շեմը՝ մէկ տակառի համար 44 տոլար 10 սենթ, ուժի մէջ պիտի մնայ մէկ տարի եւս։
