«Elle Arabia» պարբերականը Հայաստանը կը ներկայացնէ իբրեւ «անծանօթ շքեղ հանգստավայր»
Համաշխարհային նորաձեւութեան եւ կենսաոճի հսկայ «Elle Arabia» պարբերականը յատուկ յօդուածով մը Հայաստանը կոչած է «շքեղ հանգստավայր, որուն մասին ոչ ոք կը խօսի»՝ երկիրը ծանօթացնելով արաբական աշխարհի միլիոնաւոր ընթերցողներուն։ Անգլերէնով եւ արաբերէնով հրապարակուած այս յօդուածը Հայաստանի գրաւչութիւնը կը ներկայացնէ Ծոցի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի երկիրներու քաղաքացիներուն՝ իրենց մայրենի լեզուով իսկ։
Պարբերականը, որ համաշխարհային մակարդակով աւելի քան 250 միլիոն հետեւորդ ունի, կը գովերգէ Հայաստանի հնադարեան ժառանգութիւնը, ապշեցուցիչ բնապատկերները, հարուստ աւանդութիւններն ու խոհանոցը, ինչպէս նաեւ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի համաշխարհային ժառանգութեան վայրերը։ Լուսանկարները կը ցուցադրեն Գառնիի տաճարը, Սեւանայ լիճի վրայ սաւառնակով թռիչքները, լեռներուն վրայ սաւառնող օդապարիկները, Կասկադն ու Մոսկուա շարժանկարի սրահի շատրուանները։ Այս հրապարակումը կը զուգադիպի Հայաստանի կառավարութեան այն որոշումին, որով մինչեւ 2027 Յուլիս Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Սաուտական Արաբիոյ, Քաթարի, Քուէյթի, Պահրէյնի եւ Օմանի քաղաքացիներուն համար երկիր մուտք գործելը դարձած է առանց արտօնագրի (վիզա)։ Ըստ Տնտեսութեան նախարար Գէորգ Պապոյեանի՝ 2026-ի առաջին կիսամեակին զբօսաշրջութիւնը արձանագրած է մրցանշային 1.042 միլիոն այցելութիւն։
