Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու հայկական համայնքի ներկայացուցիչները բողոքի ցոյց կազմակերպած են՝ Փենսիլվանիայէն Ծերակոյտի թեկնածու, ազգութեամբ թուրք Մեհմեթ Էօզէն պահանջելով դադրեցնել Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը:
Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը հաղորդած է, թէ բողոքի ցոյցը տեղի ունեցած է հեռատեսիլային բանավէճին զուգահեռ, որուն մասնակցած են Մեհմեթ Էօզ եւ անոր մրցակից, Փենսիլվանիոյ փոխնահանգապետ Ճոն Ֆեթերման:
Ցուցարարները տեղական եւ միջազգային լրասփիւռներուն հետ բաժնած են իրենց մտահոգութիւնները՝ մատնանշելով Մեհմեթ Էօզի՝ Հայոց ցեղասպանութիւնը ժխտելու փաստը, անոր սերտ կապերը Թուրքիոյ նախագահ էրտողանի հետ: