Պաքուի Սլաւոնական համալսարանին մէջ հայերէն պիտի դասաւանդուի
Պաքուի Սլաւոնական համալսարանին մէջ հայերէն պիտի դասաւանդուի։ Այս մասին կը հաղորդեն ազերպայճանական լրասփիւռները՝ յղում կատարելով համալսարանի մամլոյ բանբեր Սապինա Հուսէյնզատէին:
“Պաքուի Սլաւոնական համալսարանի գիտական խորհուրդի որոշումին հիման վրայ, հայերէնի դասաւանդումը նախատեսուած է յառաջիկայ տարիներուն”,– նշած է Հուսէյնզատէ:
Նշենք, որ համալսարանի տեսուչ Անար Նաղիեւ անցեալ տարի կատարած իր յայտարարութեան մէջ արդէն իսկ տեղեկացուցած էր, որ 2026-2027 ուսումնական տարեշրջանէն սկսեալ կը նախատեսուի հայերէն դասաւանդել:
Ներկայիս հայերէն կը դասաւանդուի նաեւ Պաքուի Պետական համալսարանին, ինչպէս նաեւ Ազերպայճանի Լեզուաբանական եւ Պետական տնտեսագիտական համալսարաններուն մէջ։
