Հարցազրոյց՝ Պոլսոյ «Ակօս» շաբաթաթերթի հայկական բաժնի խմբագիր Բագրատ Էսդուգեանի հետ
Թուրքիոյ հայութեան ինքնութեան պահպանման պայքարը առանձնայատուկ բնոյթ կը կրէ եւ կը տարբերի Սփիւռքի գաղութներուն դիմագրաւած պայքարէն։ Թուրքիոյ հայերը ժառանգորդներն են նախաեղեռնեան հայկական աշխարհէն մնացած պատմական ու մշակութային հարուստ ժառանգութեան։ Իբրեւ այդ երկրին քաղաքացիները՝ անոնք իրաւունք ունին այցելելու իրենց նախնիներուն բնակած վայրերը եւ անմիջական կապ պահելու այդ ժառանգութեան հետ։ Առաւելութի՞ւն է, ցա՞ւ է, բե՞ռ է։ Անցեալի յիշողութիւնը, ներկայ աշխարհաքաղաքական պայմանները ի՞նչ հեռանկարներ կը ստեղծեն, ինչպիսի՞ մարտահրաւէրներու առջեւ կը դնեն տեղւոյն հայերը եւ աւելի լայն շրջարկի մէջ՝ հայութիւնը։ Նիւթեր են, որոնք համարձակօրէն կը քննարկուին Պրն Էսդուգեանի կողմէ։
Պոլսոյ «Ակօս» շաբաթաթերթի հայկական բաժնի խմբագիր Բագրատ Էսդուգեան, առաջին օրէն ընկերակցած է Հրանդ Տինքի լրատուական աշխատանքին, ինքնութենական պայքարին, հանգուցեալ Սարգիս Սերոբեանի հետ։ Թրքական քաղաքականութեան ներքին ծալքերուն լաւատեղեակ է։ Թուրքիոյ, Հայաստանի եւ տարածաշրջանի քաղաքական իրավիճակը այնքան պայթուցիկ է եւ փոփոխական է, որ «Ակօս»-ի խմբագրին դիտարկումները մեզ՝ սփիւռքահայերս անտարբեր չեն ձգեր։ Ստորեւ հարցազրոյցը Բագրատ Էսդուգեանի հետ։
«Նոր Յառաջ» – Պոլսահայ կեանքին մէջ «Ակօս» շաբաթաթերթի ստեղծումը շատ մեծ ուշադրութիւն գրաւեց, որովհետեւ հանդէս եկաւ իբրեւ երկլեզու մամուլ. թրքերէնով հրատարակուիլը նոր երեւոյթ էր, ուրեմն կ՚ուղղուէր ոչ-հայախօս մեր հայրենակիցներուն, նաեւ քիւրտերու, նաեւ թուրքերու, որոնք հետաքրքրուած են հայկական հարցերով։ Ինչպէ՞ս ապրեցաք «Ակօս»-ի ծնունդը, որովհետեւ առաջին օրէն իսկ ներգրաւուած էիք «Ակօս»-ի մէջ։
Բագրատ Էսդուգեան – Ճիշդ է, առաջին օրէն, նախքան այդ ալ, «Ակօս»-ի մտքի մշակման գործընթացին մաս կազմեցի եւ անհրաժեշտութիւն մըն էր այլեւս թրքերէնով հայկական թերթ մը հրատարակելը, որովհետեւ բաւական մեծ համեմատութիւն կը կազմէին այն հայերը, որոնք հայերէն կարդալու ընդունակութիւն չունէին: Երկրորդ, անհրաժեշտութիւնը՝ որ Թուրքիոյ հասարակութիւնն ալ չէր կրնար հայոց իրենց ուղղած բացատրութիւնները լսել: Այդ օրերու քաղաքական ճնշումները ուղղուած էին հայոց վրայ, ամէն չարիք հայոց կը վերագրուէր եւ ատոր դէմ հայ ժողովուրդի առարկութիւնները, ընդվզումները ցոլացնող որեւէ օրկան գոյութիւն չունէր: Հետեւաբար այդ խնդիրներուն մէջ մտած որոշ քաղաքականացուած շրջանակներու համար ալ կարիք մըն էր, հայերու խնդիրները իմանալու միջոց մը: Այդպէս գոյացաւ «Ակօս»-ը շնորհիւ Հրանդ Տինքի նախաձեռնութեան եւ ջանքերուն: Անշուշտ, Հրանդ առանձին չէր։ Իր շուրջ համախմբուած էին համախոհներ, որոնք իրեն հետ կը գործէին նոյն նպատակին համար։ Շուրջ երեսուն տարի առաջ սկիզբ առած այդ առաքելութիւնը կը շարունակուի մինչեւ այսօր։
«ՆՅ» – Իսկ այս երեւոյթը՝ թրքերէնով հայկական մամուլի հրատարակութիւնը, ինչպէ՞ս ընդունուեցաւ հայ համայնքին կողմէ, նաեւ որովհետեւ նիւթերը որոնք կ՚արծարծուէին, անսովոր նիւթեր էին՝ ցեղասպանութեան, հայկական ժառանգութեան, ինքնութեան վերաբերեալ, որոնք կրնային հայ համայնքին համար նեղացուցիչ ըլլալ տեղ մը։
Բ. Է. – Այդ մտավախութիւնը ունեցող լայն շրջանակ մը գոյութիւն ունէր Պոլսոյ մէջ այդ ժամանակ. անոնք կ՚ըսէին. «Ինչո՞ւ համար մեր խնդիրները բոլորին տեսանելի դառնան»։ Չէին ուզեր որ մեր խնդիրները արծարծուին հասարակութեան առջեւ, բայց միւս կողմէ եղելութիւնը շատ աւելի ճիշդ էր: Փշոտ տարածքներ մտաւ «Ակօս»-ը, վտանգաւոր ջուրերու մէջ նաւարկեց, շատեր կ՚ուզէին այդ ջուրերուն բնաւ չերեւիլը, չտեսնուիլը, չյայտնուիլը, որ արդարութեան պահանջն էր, Հայոց ցեղասպանութեան ուրացումին դէմ բողոքն էր: Այս բաները լսել չուզող մեծ զանգուած մը կար, զանգուած մը, որ մէկ կողմէն ալ ինծի համար այպանելի է: Կ՚ըսէին. «Մենք այստեղ հանգիստ ենք, Վոսփորը շատ գեղեցիկ վայր է, օղին եւ ձուկը շատ համեղ են, ինչո՞ւ համար մեր հանգիստը պիտի խանգարենք։ Ի՞նչ ընել կ՚ուզէք 100 տարի առաջուան վէրքերը վերստին քրքրելով»։ Ասիկա այպանելի կեցուածք մըն էր, իսկ միւսը՝ արժանապատւութեան խնդիր մը: Եթէ տակաւին հարիւր տարի անց քեզի դէմ հալածանք մը կայ, եւ այդ հալածանքին պիտի հակազդես միայն զայն անտեսելով, չլսած ձեւացնելով, ասիկա քիչ մը յեղափոխական խառնուածք ունեցող մարդու համար անընդունելի երեւոյթ է։ Հրանդ Տինք այդպիսին էր, յեղափոխական մըն էր, համաշխարհային առումով յեղափոխական մը, որ իր ազգի խնդիրներուն նկատմամբ ալ այլ կերպ չէր կրնար վարուիլ, եթէ ոչ արդարութիւն պահանջելով։ Եւ պահանջեց, բայց գիտենք, թէ ինչպէ՛ս տուժեց՝ իր կեանքո՛վ։ Ոմանց համար ասիկա անդառնալի կորուստ մըն էր, իսկ աւելի մեծ հանրութեան մը համար՝ հերոսութիւն մը, նահատակութիւն մը, որ կարելի էր պատիւով կրել։ Այս երկընտրանքը մինչեւ այսօր ալ օրակարգի նիւթ է։ Բայց գերութեան պայմաններուն մէջ ի՞նչ ազատ կեանքի մասին կրնայ խօսք ըլլալ, եթէ պիտի դադրիս պայքարելէ։ Հրանդ չէր դադրած պայքարելէ. պայքարեցաւ, մարտնչեցաւ եւ նահատակուեցաւ։
«ՆՅ» – Այսպիսի թերթ մը հրատարակելը, երբ պայմանները այսքան ծանր են նոյնիսկ ընթերցողներուն համար, որքանո՞վ դիւրին է գտնել աշխատակիցներ, որոնք պատրաստ ըլլան այս գործին մաս կազմելու՝ գիտնալով, որ իրենք ալ կրնան թիրախ դառնալ։ Իսկ այսօր որո՞նք են թերթին ընթերցողները։ Տարիներ անցած են, թերթն ալ հասունացման որոշ ճամբայ կտրած է։ Ընթերցողներուն շրջանակը ընդլայնուա՞ծ է, թէ՞ նեղցած։ Ի՞նչ պայմաններու մէջ կը գործէք ներկայիս։
Բ. Է. – Պարտիմ ըսել, որ հոս գաղափարական, գաղափարախօսական գործօն մը կար, որուն բերմամբ ահագին ոչ-հայեր եւս թիկունք կանգնեցան Հրանդին, իր այս աշխատանքին մէջ: «Ակօս»-ի առաջին թիւերուն պատրաստութեան ընթացքին՝ էջադրութենէն մինչեւ տպագրութիւն, Հրանդին օգնող բազմաթիւ ոչ-հայեր կային՝ թուրքեր եւ քիւրտեր, որոնք կը հաւատային անոր կատարած գործին եւ իրենց բոլոր միջոցներով զօրավիգ կը կանգնէին իրեն։ Ուրախութեամբ կրնամ ըսել, թէ այդ փաղանգը մինչեւ այսօր ալ «Ակօս»-ի կողքին է։ Առաջին օրէն իսկ «Ակօս»-ի աշխատակազմին մէջ միշտ գտնուեցան ոչ-հայեր, որոնք մեծ նպաստ բերին թերթին թէ՛ բարգաւաճման, թէ՛ գոյատեւման: Կարեւոր ներդրում էր: Այսօր նման պատկեր կը տեսնեմ «Արաս» հրատարակչութեան մէջ կամ նման պատկեր տեսանք «Նոր Զարթօնք» երիտասարդական շարժումի գործունէութեան շրջանին: Այսօր ափսոս որ այդ շարժումը իր ազդեցութիւնը կորսնցուց, որովհետեւ անոր երիտասարդ գործիչներուն կարեւոր մէկ մասը ցրուեցաւ աշխարհի տարբեր երկիրներ: Այս երիտասարդներուն կողքին ալ կային օտարազգի տարրեր, որոնք նոյն բծախնդրութեամբ տէր կը կանգնէին օրինակ՝ Ապրիլ 24-ի միջոցառումներու կազմակերպման եւ անոնք աւելի լուրջ հարցերու դէմ-յանդիման կը գտնուէին, երբ յանկարծ ոստիկանութեան հետ խնդիր մը ծագէր:
«ՆՅ» – Իսկ այս 20-30 տարիներու ընթացքին որքանո՞վ փոխուած է թերթին ընթերցողներու շրջանակը, լսարանը։
Բ. Է. – Երկրին մէջ տիրող մթնոլորտը բաւական ճնշող է: Այս պահուն Թուրքիոյ բանտերը լեցուն են քաղաքական բանտարկեալներով: Մարդիկ, որոնք քաղաքակիրթ երկրի մը մէջ երբեք յանցաւոր պիտի չհամարուէին, այդ ուղղութեամբ տրուած մեղադրանքներուն բերմամբ՝ բանտերու մէջ են: Հետեւաբար լսարանին վրայ այդ ճնշումը շատ զգալի է. զոր օրինակ՝ զանգուածային ցոյցեր կազմակերպելը գրեթէ անկարելի դարձաւ, մինչ առաջ կոչ մը բաւարար էր, որ հազարաւոր մարդիկ փողոց իջնէին: Այսօր պատկերը նոյնը չէ, ամէն մարդ քիչ մը վախ ու սարսափի մէջ է, գիտէ որ նման արարք անպայման հետեւանք պիտի ունենայ իր կեանքին վրայ:
«ՆՅ» – Իսկ այսօր եթէ պոլսահայ համայնքը նկատի ունենանք, ի՞նչն է շարժիչ ուժը՝ Պատրիարքանրա՞նը, վարժարաննե՞րը, մամո՞ւլը, հիւանդանոց, հիմնադրամներ, երիտասարդութիւն, մտաւորականութիւն…։
Բ. Է. – Շատ կ՚ուզէի ըսել վերջինները՝ երիտասարդութիւն, մտաւորականութիւն, բայց ո՛չ, պահպանողական կարգն է որ տակաւին գերիշխող է սկսելով եկեղեցիէն՝ Պատրիարքարանէն: Տակաւին պոլսահայ հասարակութեան կեանքին մէջ գերիշխող, ընթացքը բնորոշող տարրը կը մնայ եկեղեցին, եւ անշուշտ երկրորդ կարգին՝ դրամը՝ կարեւորագոյն գործօնը: Դրամը ձեւաւորուած է որոշ հիմնադրամներու (վաքըֆ) շրջանակին մէջ: Այսօր Թուրքիոյ մէջ կը գործէ հիմնադրամներու տիրապետութիւնը եւ անոնք ընդհանրապէս այնպիսի մարդոց կողմէ կը ղեկավարուին, որոնք հեռու կը մնան ամէն տեսակի արկածախնդրութենէ: Արկածախնդրութիւնն է որ մեզ կ՚ուղղէ դէպի երիտասարդութիւն, դէպի մտաւորականութիւն: Ժան-Փօլ Սարթրը քանի՞ անգամ ոստիկանութեան կողմէ բերման ենթարկուած է: Իսկ երբ եկեղեցի կ՚ըսեմ, հոն կը տիրէ շատ ծանր աստիճանակարգ մը եւ պայծառ միտքեր դժբախտաբար չեն կրնար դուրս գալ այդ տեսակի կառոյցներէն:
«ՆՅ» – Հրանդ Տինքի նահատակութենէն տարիներ անցան, ինչպիսի՞ն է այսօր թրքական հասարակութեան վերաբերումը հայութեան հանդէպ, որովհետեւ նկատելի է ազգայնականութեան աճը։ Կա՞ն երկխօսութեան առողջ հարթակներ։
Բ. Է. – Այո՛, ազգայնականութեան աճը շատ զգալի է, բայց ատոր զուգահեռ կայ ատոր հակազդեցութիւնն ալ: Կան լուսամիտ մարդիկ, որոնց հետ շատ յաճախ եւ անմիջական հաղորդակցութեան մէջ ենք: Ձեզի հետ խօսուած այս նիւթերը կ՚արծարծենք նաեւ ամբողջովին թուրք հասարակութեան հետ, այնպիսի լսարաններու հետ, որոնց բոլոր մասնակիցները թուրքեր են կամ քիւրտեր: Այս իրողութիւնն ալ ի զօրու է:
«ՆՅ» – Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ երկու տարիէ ի վեր յարաբերութիւններու կարգաւորման աշխատանքներ կը տարուին, հանդիպումներ տեղի կ՚ունենան, որոշումներ կայացուած են, որոնք չեն գործադրուած, սակայն երբ պահը հասուննայ թերեւս գործադրուին։ Պոլսահայ համայնքը ինչպէ՞ս կը դիտէ այս գործընթացը. կա՞ն իրական սպասումներ, թէ՞ կը կարծէք որ պարզապէս դիւանագիտական խաղ է։
Բ. Է. – Մէկ կողմէն յարաբերութիւններու բնականոնացում կոչուածը ընդունելի է, ըսել կ՚ուզեմ՝ իրարու հակադրուող երկու երկիրներու միջեւ բնականոն յարաբերութիւններու մշակուիլը: Միւս կողմէն կայ ուրիշ վախ մը, երբ սահմանները բացուին ո՛չ թէ թրքական ապրանքը պիտի գրաւէ Հայաստանի շուկան, այլ թրքական սեւ դրամը պիտի շրջափակէ Հայաստանը. այս վախը կայ, որովհետեւ Թուրքիան արտադրող երկիր է եւ արտադրութիւնները, եթէ պէտք է, այսօր ալ կը հասնին Հայաստան, հոգ չէ թէ ուղղակի յարաբերութիւնները արգիլուած ըլլան: Այսօր Հայաստանի շուկային մէջ կարելի է հանդիպիլ զանազան թրքական ապրանքներու: Խնդիրը միայն առեւտրական կապի ճնշումը չէ, այլ՝ սեւ սակարանի, սեւ շուկայի, սեւ գործերու ներփաթանցումն է: Մենք այս պատկերը տեսանք գրաւուած Կիպրոսի մէջ: Երբ Թուրքիան միջամտեց եւ Կիպրոսի հիւսիսային հատուածը անկախ պետութեան վերածեց ո՛չ թէ առեւտրական շուկայ մը ստեղծուեցաւ, այլ խաղավայրերու, թմրանիւթերու, կնավաճառութեան եւ այս տեսակի շուկայ մը ստեղծուեցաւ: Պոլսահայոց մտահոգութիւնը այն է, որ երբ Հայաստանի հետ ալ յարաբերութիւնները բնականոնանան, առաջին հոսքը պիտի ըլլայ այդ ուղղութեամբ եւ անոնք Հայաստանի մէջ դիւրաւ պիտի գտնեն իրենց համապատասխան գործընկերները: Թուրքիոյ մէջ թմրանիւթի գործածութիւնը իջած է մինչեւ նախակրթարանի տարիք եւ մեր վախը այն է, որ յարաբերութիւններու բնականոնացումով Հայաստանի նախակրթարանի ուսանողն ալ նոյն վտանգին ենթակայ ըլլայ, անշուշտ ձեռամբ եւ շնորհիւ հայաստանցի գործակիցներու:
«ՆՅ» – Բայց արդէն այս գործընթացները, յարաբերութիւնները Հայաստան-Վրաստան երկկողմ յարաբերութիւններու ծիրէն ներս ի գործ դրուած են։ Ինչպէ՞ս են այս հարցերու դիտարկումները Վրաստանի մէջ, ուսումնասիրա՞ծ էք որոշ չափով։
Բ. Է. – Անշո՛ւշտ: Թուրքիոյ մէջ խաղարանները արգիլուած երեւոյթ են, բախտախաղերը եթէ պետութեան հսկողութեան տակ չեն, արգիլուած են, բայց Աճառիան, օրինակի համար, խաղարաններու կեդրոն դարձած է, մարդիկ խաղալու համար Պաթում կ՚երթան, ինչպէս որ կ՚երթան Կիպրոս, հիմա ալ պիտի երթան նա՛եւ Երեւան, նոր տարածք մը, նոր շուկայ մը պիտի ըլլայ: Այս տեսակի երեւոյթներն են որ որոշ պոլսահայերու մտահոգութիւն կը պատճառեն, անշուշտ կարգ մը պոլսահայեր եւս շատ կը սիրեն այդ խաղերով զբաղիլ, անոնց համար ալ ուրախալի նոր հնարաւորութիւն մը պիտի ստեղծուի:
«ՆՅ» – Իսկ եթէ միւս կողմէն նկատի ունենանք բոլոր այն թաքնուած, իսլամացած, քրտացած հայերը, անոնց համար սահմանին բացուիլը ինչպիսի՞ շարժառիթ պիտի ըլլայ, արդեօք իրենց ինքնութեան վերաբերեալ նոր տարա՞ծք մը պիտի գտնեն։
Բ. Է. – Հարկա՛ւ, մանաւանդ եթէ նկատի ունենանք Պոլսոյ Պատրիարքարանի բաւական վանողական եւ մերժողական դիրքը իրենց հանդէպ. Հայաստանը անոնց համար նոր յոյս մը պիտի ըլլայ, ուր պիտի կարենան աւելի յստակ ըսել՝ «մենք հայախօս չենք բայց հայ ենք, մենք մեր հայութիւնը պահած ենք, ինքնութեան գիտակից ենք, ձեւականօրէն մեր անձնաթուղթերուն մէջ գրած են իսլամ, բայց երբեք իսլամադաւան չեղանք…»: Ասիկա ըսելու շատ տեղին առիթ մը գտած պիտի ըլլան:
«ՆՅ» – Իսկ Հայաստանի մէջ ինչպէ՞ս պիտի ընդունուին այն իսլամացած հայերը, որոնք կու գան Երեւան, պիտի ուզեն հոն հաստատուիլ եւ վերագտնել իրենց հայկական ինքնութիւնը՝ առանց հրաժարելու իրենց կրօնքէն։ Կրօնական այս հանգամանքը որքանո՞վ ընդունելի է Հայաստանի հանրութեան համար եւ ի՞նչ հակազդեցութիւններ կը յառաջացնէ։
Բ. Է. – Հայաստան տակաւին պատրաստ չէ ատոր: Հայաստանի ընկալումներն ալ տակաւին այդ չեն, որ մէկը դառնայ ու ըսէ՝ ես հաւատացեալ մահմետական եմ, բայց ազգութեամբ՝ հայ: Այս մարդուն դէմ ի՞նչ դիրք պիտի որդեգրուի. Հայաստանի իշխանութիւններն ալ չեն գիտեր տակաւին, որովհետեւ չեն ունեցած այդ տեսակի փորձ մը:
«ՆՅ» – Վերջապէս նախապատրաստութեան խնդիր մըն ալ կայ, սահմանը բանալը միայն տնտեսական հարց չէ, ահագին ընկերային, հոգեբանական, կրօնական բարդ հարցեր կը ստեղծէ, որոնց քննարկումները չենք տեսներ հասարակութեան մէջ։
Բ. Է. – Մենք պետութիւն ընկալումէն ի՛նչ պիտի սպասենք, եթէ ոչ ասոնց բոլորին համար ծրագրեր մշակելը: Պետութիւն հասկացութիւնը ա՛յս է որ պիտի ապահովէ մեզի: Այս խնդիրները անոնք, որպէս պետական գործիչներ իրենց օրակարգին պիտի ունենան, պիտի աշխատին: Ամէն անգամ որ այս նիւթերը կ՚արծարծենք, ինծի կ՚ըսեն, թէ ինչպէ՞ս կրնաս վստահ ըլլալ, որ անոնք անկեղծ են, հապա եթէ լրտեսութիւն տեղի ունենայ: Լրտեսութեան եթէ պիտի գայ խնդիրը, ես վստահեցնեմ որ ահագին հայ քրիստոնեայ հաւատացեալ հայախօս լրտեսներ արդէն ունեցած ենք ամբողջ պատմութեան ընթացքին եւ մինչեւ այսօր ալ: Այսինքն՝ լրտեսութիւն ընելու համար հարկ չկայ, որ մահմետական մը քրիստոնեայ դառնայ կամ ինքզինք հայ ներկայացնէ։ Հետեւաբար, այդ մտահոգութիւնը անհիմն է։ Բայց ասիկա չի նշանակեր, թէ Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը պէտք չէ կատարէ անհրաժեշտ քննութիւններն ու ստուգումները, տեղեկութիւններ չհաւաքէ եւ զանոնք չարձանագրէ։ Պետութիւնը պարտաւոր է այդ բոլորը կատարելու։ Թող կասկածամիտ ըլլայ, ամէն ինչ ստուգէ, բայց առանց կանխակալ վերաբերումով առաջնորդուելու եւ մարդիկը ի սկզբանէ մերժելու։
«ՆՅ» – Պետութեան կողքին նաեւ կայ եկեղեցւոյ, մտաւորականութեան դիրքորոշումը։ Անոնք հաւասարակշռող ազդակներ են։ Այսօր որքանո՞վ եկեղեցին ինքը պատրաստ է իսլամացած հայերը մկրտելու։ Կան հարցեր, որոնք հաւանաբար քննարկումներու առիթ կու տան նոյնիսկ հայկական համայնքներու լայն շրջանակներուն մէջ։ Եթէ խառն ամուսնութիւններ ըլլան, օրինակի համար, ինչպէ՞ս կը դիրքաւորուին այս ամբողջին մէջ։
Բ. Է. – Խառն ամուսնութիւններու պարագան հետաքրքրական երեւոյթ մըն է, հետեւեալ առումով. մինչեւ 20-30 տարի առաջ պոլսահայ իրականութեան մէջ այր կամ կին եթէ խառն ամուսնութիւն կնքէր, կը հեռանար իր հայ միջավայրէն եւ կը մասնակցնէր աւելի մեծ հասարակութեան: Այսօր պարագան բոլորովին տարբեր է, այդ խառն ամուսնութիւններով մենք կ՚ունենանք օտարազգի նոր անդամներ մեր համայնքին մէջ՝ ոչ-հայ հարսեր կամ ոչ-հայ փեսաներ, որոնք իրենց զաւակները կը դաստիարակեն հայեցի կերպով, կը նախընտրեն իրենց զաւակները ղրկել հայկական վարժարաններ: Այս երեւոյթէն դրական ակնկալութիւններ ունիմ։ Ինչո՞ւ չէ, թող մեր ժողովուրդը գեղեցկանայ իր բազմազանութեամբ։ «Զտարիւն հայ» հասկացութիւնը ինծի համար ցեղապաշտական է։ Ես «մաքուր հայկական արիւն» կամ որոշակի ծագում չեմ փնտռեր մարդոց մէջ։ Ինծի համար կարեւոր են մարդու մշակոյթը, մտածողութիւնը, գաղափարներն ու արդի աշխարհահայեացքը։ Ի՞նչ ընեմ այն հայը, որ իրմէ տարբեր ամէն մարդ օտար կը նկատէ։ Այդպիսի կերպար մը ինծի համար նախընտրելի չէ։ Ես կը նախընտրեմ այն հայը, որ կրնայ բոլորին հետ լեզու գտնել, խորապէս գիտակցիլ իր ինքնութեան, ճանչնալ իր մշակոյթն ու պատմութիւնը եւ, այդ գիտելիքներով զինուած, խաղաղ ու ճակատաբաց երկխօսութեան մէջ մտնել աշխարհի միւս ժողովուրդներուն հետ։ Ահա՛ ինծի համար ընդունելի հայու կերպարը։
«ՆՅ» – Որքանո՞վ Թուրքիա-Ազերպայճան-Հայաստան յարաբերութիւնները ներկայիս խնդրայարոյց հարցեր մէջտեղ կը բերեն եւ Սփիւռքի կողմէ այս հարցերը ինչպէ՞ս կ՚ընկալուին եւ Սփիւռքի համայնքներու դիրքորոշումները որքանո՞վ կ՚ազդուին այս յարաբերութիւններէն։
Բ. Է. – Նախ պարտինք խոստովանիլ, թէ Սփիւռքը վիրաւոր ինքնութիւն մըն է, Հայաստանն ալ այդպէս է, բայց Հայաստանը 1918-էն այս կողմ ունի ուրիշ յատկանիշ մը եւս՝ պետականութեա՛ն յատկանիշը: Հայաստանը ակումբ մը չէ, Հայաստանը կուսակցութիւն մը չէ: Հայաստանը 1918-էն ի վեր պետութիւն է: Մենք որ երկար դարեր պետականութիւն չենք ունեցած, 20-րդ դարու ընթացքին երեք անգամ պետութիւն կառուցելու փորձը ապրեցանք: 1918-ին, 1920-ին եւ 1991-ին… իրարմէ տարբերող երեք պետութիւններ: Բայց կայ ուրիշ զարմանալի երեւոյթ մը. մենք պետութիւն կազմելու համար ճամբայ չելանք, պետութեան ձեւաւորումը եղաւ ինքնաբերաբար եւ մենք յայտնուեցանք կատարուած իրողութեան մը առջեւ: Մեր շուրջ պայմանները այնպէս ձեւաւորուեցան, որ գոյանար անկախ Հայաստան մը 1918-ին, եւ դարձեալ կողքի պայմաններու բերումով իր տեղը զիջէր Խորհրդային Հայաստանին: Խորհրային Հայաստանի մէջ ունեցանք ճարտարագիտականօրէն զարգացած երկիր, ունեցանք արդիաշունչ մայրաքաղաք, բայց Խորհրդային Միութեան տարանջատումն ալ մեր կամքը չէր: Մեզմէ անկախ գործօններու հետեւանքով այդ համակարգը ցրուեցաւ եւ մենք երրորդ անգամ ունեցանք անկախ պետականութիւն: Հիմա այդ պետականութիւնը տակաւին Սփիւռքէն պէտք եղածին չափ լուրջ կերպով չի դիտուիր: Տակաւին Սփիւռքը կ՚ուզէ որ իր կուսակցութիւններով կամ ակումբներով, միութիւններով, սիրողական մերձեցումներով ձեւ տայ այդ պետականութեան: Բան մը, որ այդքան ալ կարելի չէ: Մէկ կողմէն ալ արեւելահայ-արեւմտահայ մշակութային ճեղքեր կան մեր միջեւ: Մենք դպրոցական տարիներուն հայ գրականութիւն կը սորվէինք առանց Եղիշէ Չարենցի անունը լսելու, առանց Պարոյր Սեւակի, Յովհաննէս Թումանեանի անունը լսելու: Այդ բոլորը մեզմէ դիտմամբ հեռու պահած էին եւ մեզի կը դասաւանդէին Զարթօնքի շրջանի գրականութիւնը, պոլսահայ գրողները՝ Մատթէոս Զարիֆեան, Պետրոս Դուրեան, Դանիէլ Վարուժան, յարգելի անուններ, բայց մշակութային մեր կաղապարը միայն ատով սահմանուած չէր: Այսօր աւելի նոր պատասխանատւութիւններ կան թէ՛ սփիւռքահայութեան դիմաց, թէ՛ Հայաստանի հասարակութեան դիմաց եւ մենք ստիպուած ենք այդ լայն պատասխանատւութիւնը արժանի կերպով դիմագրաւելու: Թէ՛ համաշխարհային գետնի վրայ մենք մեր արժանի տեղը պիտի ունենանք, պիտի պահենք, եւ թէ պիտի չօտարանանք մեր մշակոյթին: Այսօր Հայաստանը համաշխարհային քարտէսին վրայ կրնայ երեւիլ շատ փոքր, բայց զուգահեռաբար հայոց թիւն ալ շատ փոքր է աշխարհի մէջ: Հետեւաբար այսօր այս երկիրը մեր ժողովուրդին համար բաւարար երկիր է, մենք հող նուաճելու կարիքը չունինք, պարզապէս մեր ծանրութիւնը արդարացնելու կարիքը ունինք: 10 միլիոն հայութիւնը իր բաժինը պէտք է ունենայ համաշխարհային մտայնութեան մէջ, մտածողութեան մէջ, ձայնի իրաւունքին մէջ: Պաղեստինի մէջ բան մը որ կը կատարուի եւ սխալ է, այդ սխալին դէմ մեր բողոքը պէտք է լսելի ըլլայ: Մեր կեցուածքը պէտք է արդարամիտ ըլլայ, համաշխարհային արդարութեան կողքին ըլլայ:
Հարցազրոյցը վարեց՝
ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ ■
Հարցազրոյցին տեսանիւթը՝ ստորեւ.-
