Փաշինեան-Ալիեւ հանդիպում Պիշքէքի մէջ

Փաշ-Ալիեւ

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Օգոստոս 31-ին երկօրեայ աշխատանքային այցով ժամանած է Քիրկիզստան, ուր մայրաքաղաք Պիշքեքի մէջ տեղի ունեցած է անոր հանդիպումը Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ՝ Շանկհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՇՀԿ+) վեհաժողովի ծիրէն ներս։

Երկու երկիրներու առաջնորդներուն միջեւ կայացած բանակցութիւններուն վերաբերեալ հայկական եւ ազերպայճանական կողմերը նոյն բովանդակութեամբ հաղորդագրութիւններ հրապարակած են: ՀՀ կառավարութեան համաձայն՝ Փաշինեանն ու Ալիեւը քննարկած են TRIPP-ի իրագործման առնչուող հետագայ գործնական քայլերը եւ ընդգծած են այդ ծրագրի շրջանակէն ներս հաղորդակցութեան ծրագրերու կարեւորութիւնը:

Կողմերը դրուատած են Հայաստանի եւ Ազերպայճանի պետական սահմանի զատման յանձնաժողովներուն դերը՝ կարեւոր նկատելով անոնց աշխատանքներուն շարունակութիւնը, ըստ նախապէս ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններուն: Անոնք նաեւ համաձայնած են երկկողմ անմիջական շփումներու միջոցով շարունակել մնայուն խաղաղութեան, միջպետական յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ հաղորդակցութեան ամրապնդման ուղղուած քայլերը:

Հաղորդագրութեան մէջ որպէս խաղաղութեան ամրապնդման կարեւոր գործնական դրսեւորումներ կը նշուին ազերպայճանական նաւթամթերքի արտածումը Հայաստան, հացահատիկի եւ երրորդ երկիրներէ եկող ապրանքներու՝ Ազերպայճանի տարածքով Հայաստան տարանցումը, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներուն միջեւ առեւտրային յարաբերութիւններու հաստատումը: Ղեկավարները ողջունած են նաեւ գործարար շրջանակներու միջեւ շփումները եւ միտքեր փոխանակած են տնտեսական, առեւտրային ու ուժանիւթային փոխադարձաբար շահաւէտ համագործակցութեան հետագայ ընդլայնման շուրջ:

Հայաստանի կառավարութեան հրապարակած տեսանիւթին համաձայն՝ հանդիպման ներկայ գտնուած են Հայաստանի եւ Ազերպայճանի փոխվարչապետեր Մհեր Գրիգորեանն ու Շահին Մուսթաֆաեւը, Արտաքին գործոց նախարարներ Արարատ Միրզոյեանն ու Ճէյհուն Պայրամովը, ՀՀ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Ալէն Սիմոնեանն ու Ազերպայճանի նախագահի արտաքին յարաբերութիւններու գծով խորհրդական Հիքմէթ Հաճիեւը:

Նշենք, որ ՇՀԿ+ վեհաժողովի շրջագիծէն ներս կը նախատեսուի նաեւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ Նիկոլ Փաշինեանի հանդիպումը, որ պիտի ըլլայ անոնց առաջին տեսակցութիւնը Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք: