Արագածոտնի մարզին մէջ պաշտօնապէս բացուած է «ԱկրօՓրոմ» գերարդիական ջերմոցային համալիրը

Լոլիկ-0

Հայաստանի Տնտեսութեան նախարար Գէորգ Պապոյեանի մասնակցութեամբ, Օգոստոս 27-ին Արագածոտնի մարզին մէջ պաշտօնապէս բացուած է «Ակրօ Փրոմ» (Agro Prom) լոլիկի գերարդիական ջերմոցային համալիրը։ Պետական աջակցութեան ծրագրին միջոցով իրագործուած այս մեծածաւալ նախագիծին ներդրումներուն ընդհանուր ծաւալը կը կազմէ շուրջ 9,7 միլիառ դրամ (շուրջ 22,5 միլիոն եւրօ)։

Համալիրը ամբողջութեամբ յագեցած է նորագոյն արհեստագիտութիւններով. արտադրական գործընթացներուն մէջ կը կիրարկուին արհեստական բանականութեան վրայ հիմնուած կառավարման համակարգեր եւ ռոպոթացուած լուծումներ, որոնք կ՚ապահովեն մշակաբոյսերու աճի անթերի վերահսկողութիւնն ու կառավարումը։ Արտադրութիւնը զերծ է քիմիական միջոցներէ եւ արժանացած է հեղինակաւոր «GLOBALG.A.P.» վկայականին, իսկ լոլիկի մշակման համար կ՚օգտագործուին ժահրերու (վիրիւսներու) նկատմամբ բարձր դիմադրողականութեամբ օժտուած հոլանտական սերմեր։

Ընկերութիւնը արդէն իսկ սկսած է 10 հեկտար տարածքի վրայ պղպեղի նոր ջերմոցի մը կառուցման աշխատանքները՝ շուրջ 9 միլիառ դրամ յաւելեալ ներդրումով, իսկ յառաջիկայ հանգրուաններուն կը նախատեսուի յարակից տարածքներուն մէջ հիմնել նաեւ հապալասի (myrtille) եւ խաղողի այգիներ։ Նախարար Պապոյեան բարձր գնահատած է նմանօրինակ կեդրոններու ստեղծումը՝ ընդգծելով անոնց առանցքային դերը երկրի տնտեսութեան զարգացման, նոր ներդրումներու ներգրաւման եւ աշխատատեղերու ստեղծման մէջ։

Յիշեցնենք, որ նման նորարարական ծրագիր մըն ալ նախապէս իրագործուած էր Հրազդանի մէջ՝ «Կրին Ֆարմըր» ընկերութեան կողմէ։