Հայաստանի օդային տարածքով տարանցիկ թռիչքները շեշտակիօրէն աճած են

Օդանաւեր

Հայաստանի Հանրապետութեան օդային տարածքով կատարուող տարանցիկ թռիչքներուն թիւը 2026-ի առաջին կիսամեակին հասած է 70.936-ի՝ վերջին երեք տարուան ընթացքին արձանագրելով 3,5 անգամ աճ:

Տարածքային կառավարման եւ ենթակառոյցներու նախարար Դաւիթ Խուդաթեան, ներկայացնելով վիճակագրական այս վերելքը, ընդգծած է երկրին դերը իբրեւ տարածաշրջանային տարանցիկ հանգոյց։ Պաշտօնական տուեալներուն համաձայն՝ տարուան առաջին կիսամեակի տարանցիկ թռիչքներուն թիւը 2024-ի 20.312-էն բարձրացած է 48.051-ի՝ 2025-ին, իսկ 2026-ին գերազանցած է 70.000-ի սահմանը։ Խուդաթեան շեշտած է, որ օդային երթեւեկութեան այս կայուն ծաւալը կը ցոլացնէ Հայաստանի դիրքը՝ որպէս խաղաղութեան խաչմերուկ տարածաշրջանային հաղորդակցութեան ցանցին մէջ։