Կրթութեան նախարարը կը հերքէ

Mount Ararat and the Yerevan skyline in spring

Mount Ararat and the Yerevan skyline in spring

«Արարատ» եւ «Արեւմտեան Հայաստան» եզրոյթները պիտի չզեղչուին պատմութեան դասագիրքերէն

Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի նախարար Ժաննա Անդրէասեան մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնած է, որ երկրի պատմութեան ուսումնական ծրագրէն ոչինչ պիտի զեղչուի, եւ առարկան աւելի հանգամանօրէն պիտի դասաւանդուի։

Պատասխանելով հարցումին, թէ արդեօք վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի «Իրական Հայաստան»-ի մասին յայտարարութիւններէն ետք ուսումնական ծրագրերը պիտի փոխուի՞ն, եւ յատկապէս «Արարատ» ու «Արեւմտեան Հայաստան» եզրոյթները պիտի հանուի՞ն պատմութեան դասագիրքերէն, նախարարը եղած է յստակ. “Մեր պատմութիւնը մերն է, եւ այս հանգամանքներուն ու իրողութիւններուն մէջ մենք պէտք չէ նուազեցնենք կամ փոփոխութեան ենթարկենք պատմութեան դասաւանդումը։ Ընդհակառակն, պէտք է զայն իրականացնենք շատ աւելի մանրամասն ու հանգամանօրէն”։

Անդրէասեան աւելցուցած է, որ պէտք է խորապէս ճանչնալ պատմութիւնը եւ վերլուծել անոր բոլոր մանրամասնութիւնները. “Այս առումով, բովանդակութեան որեւէ կրճատման մասին խօսիլը լիովին անիմաստ է”։ Ան յիշեցուցած է, որ նախարարութիւնը նոյն հարցը շեշտած էր նաեւ այն ատեն, երբ դպրոցական «Հայոց պատմութիւն» առարկան վերանուանուեցաւ «Հայաստանի պատմութիւն»։

“Այն ժամանակ մենք յատուկ շեշտադրում կատարեցինք մեր պատմութեան նկատմամբ մեր մօտեցումին վրայ։ Պէտք է մեր պատմութեան նայինք այսօրուան Հայաստանի Հանրապետութեան դիրքերէն”,– նշած է ան՝ աւելցնելով. “Պէտք է վերլուծենք մեր պատմութիւնը եւ հասկնանք, թէ անոր տարբեր դրուագները ի՛նչ դեր խաղացած են պետականութեան կորուստին կամ ամրապնդման մէջ”։

Ըստ նախարարին՝ աշակերտները պէտք է պետութիւնն ու պետականութիւնը ընկալեն որպէս գերագոյն արժէք, եւ Հայաստանի պատմական դրուագներէն հասկնան, թէ ի՛նչ զուգահեռներ կարելի է գծել ներկային հետ։ Հայաստանի կառավարութիւնը առարկայի անուանափոխութիւնը հաստատած էր 2024-ին, եւ նախարարութիւնը այն ատեն ալ հաւաստած էր, որ բուն ծրագիրը պիտի չփոխուի։ Նախարարը արդէն իսկ նշած էր, որ պատմութեան դասագիրքերը գաղափարախօսական փոփոխութիւններու պիտի չենթարկուին։