Իրանի նախագահը Երեւանի մէջ կը մասնակցի COP17-ի ղեկավարներու վեհաժողովին
Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքեան Հոկտեմբեր 16-ի առաւօտեան ժամանած է Երեւան՝ մասնակցելու ՄԱԿ-ի կենսաբազմազանութեան COP17 համաժողովին ընդառաջ կազմակերպուած պետութիւններու եւ կառավարութիւններու ղեկավարներու վեհաժողովին։
Զուարթնոց օդակայանին մէջ Իրանի նախագահը դիմաւորած է Հայաստանի փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեան։
Իրանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Իսմայիլ Պաղայի նախապէս յայտնած էր, թէ Փեզեշքեան վեհաժողովի ընթացքին հանդիպումներ պիտի ունենայ նաեւ մասնակից շարք մը երկիրներու ղեկավարներուն հետ։
Յիշեցնենք, որ կենսաբազմազանութեան նուիրուած ՄԱԿ-ի COP17 համաժողովին հիմնական աշխատանքները տեղի պիտի ունենան Երեւանի մէջ Հոկտեմբեր 19-էն 30։
