Սկսած է գործել TRIPP ծրագրի դիմագիրքեան պաշտօնական էջը

ԹՐԻՓՓ

Սկսած է գործել «Թրամփի ուղի՝ յանուն միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման» (TRIPP) ծրագրի դիմագիրքեան պաշտօնական էջը։ Անիկա ստեղծուած է Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարարութիւններու համագործակցութեամբ։

«Էջին վրայ կրնաք գտնել ԹՐԻՓՓ ծրագրին վերաբերող մանրամասնութիւններն ու վերջին զարգացումները։ Հոս պիտի ներկայացուին տեղեկութիւններ տարբեր ձեւաչափերով՝ ապահովելով ԹՐԻՓՓ-ի վերաբերեալ այժմէական տեղեկատւութեան հասանելիութիւնը»,– նշուած է Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ։

Էջը պիտի վարեն Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան եւ Հայաստանի մէջ ԱՄՆ դեսպանատան աշխատակազմերը։ Այս մասին նոյն բովանդակութեամբ յայտարարութիւն մը հրապարակած է նաեւ Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը։