Ձերբակալման որոշում եւ միլիառներու պահանջ
Նոր քրէական գործ՝ Գագիկ Խաչատրեանի դէմ
Հայաստանի Պետական եկամուտներու կոմիտէի նախկին նախագահ եւ Ելեւմուտի նախկին նախարար Գագիկ Խաչատրեանի նկատմամբ նոր քրէական հետապնդում յարուցուած է, կայացուած է ձերբակալման որոշում եւ կալանաւորման դիմում ներկայացուած է դատարան։
Քննչական կոմիտէն խուզարկութիւններ կատարած է Խաչատրեանի, անոր որդիին բնակարաններուն եւ անոնց առնչուող շուրջ 21 ընկերութիւններու գրասենեակներուն մէջ։ Մեղադրանքները կը վերաբերին մեծ չափով կաշառք ստանալու, շուրջ 151 միլիոն դրամ գումարի լուացման, «Դիլիջան» ուսումնական կեդրոնի շինարարութեան ծիրէն ներս աւելի քան 174 միլիոն դրամի վատնման, ինչպէս նաեւ՝ «Պրիւսով» համալսարանին պատկանող 208 միլիոն դրամ արժողութեամբ գոյքի ապօրինաբար սեփականացման (զոր, ըստ մեղադրանքին, ձեւակերպուած է Խաչատրեանի որդիին անունով՝ նախկին նախարար Արմէն Աշոտեանի օժանդակութեամբ)։
Եղծանման դէմ պայքարի (Հակակոռուպցիոն) դատարանին մէջ քննուող՝ ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման գործով պետութեան կողմէ Գագիկ Խաչատրեանէն եւ անոր առնչուող անձերէն (ներառեալ՝ որդիներէն) պահանջուող ցանկը.
- 193 անշարժ գոյք (այդ կարգին՝ 46 բնակարան Կեդրոն վարչական շրջանին մէջ եւ 89 անշարժ գոյք Կոտայքի մարզին մէջ)
- 29 իրաւաբանական անձի մէջ մասնակցութիւն (ներառեալ՝ «ՄԵԳԱՍՊՈՐՏ» եւ «ՄԵԳԱ ՖՈՒԴ» ընկերութիւնները)
- 14 շարժական գոյք
- Շուրջ 1 միլիառ 451 միլիոն ամերիկեան տոլարի չափով ձեռք բերուած պարտատոմսեր
- Շուրջ 147 հազար ամերիկեան տոլար աւանդ
- Շուրջ 23 միլիոն 81 հազար ամերիկեան տոլարի, 409 միլիոն 806 հազար ՀՀ դրամի եւ 9750 եւրոյի չափով փոխառութեան պահանջի իրաւունք
- Շուրջ 17 միլիառ 761,5 միլիոն ՀՀ դրամ։
